Ո՞ՒՐ ՄՆԱՑ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս Նիսի տագնապը կը շարունակէ պահպանել այժմէականութիւնը։ Վերջերս այս երկարամեայ խնդիրը վերստին օրակարգի վրայ եկաւ՝ հայկական հանրային կարծիքի վառ հետաքրքրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Գրեթէ տասը տարիէ ի վեր, սփիւռքեան ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս Նիսի ճգնաժամը վէրք մըն է, որ կը կոտտայ անընդհատ։ Հարցը յաճախ կ՚ունենայ սուր դրսեւորումներ, իրադարձութիւնները երբեմն կը հասնին ամօթալի համեմատութիւններու։ Մտահոգիչ երեւոյթներու շարանէ մը ետք, տարիներ վերջ առաջին անգամ Նիսէն հասած էին լուրեր, որոնք դրականութեան գոնէ նշոյլ մը կը ցոլացնէին, լաւատեսութիւն կը ներշնչէին ապագայի համար։ Ֆրանսայի թեմի աղբիւրները արձագանգ հանդիսացած էին երկխօսութեան մը սկսած ըլլալուն։ Բոլոր անոնք, որոնք տարրական պատկերացում մը ունին Նիսի հարցին շուրջ՝ այս լուրերը ողջունելով հանդերձ, չէին շտապած ոգեւորուելու, հաշուի առնելով անոր խոր ծալքերը։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին տարիներէ ի վեր Նիսի մէջ կը գործէ՝ որպէս շէնք Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մը երդիքին տակ։ Այժմ սրբապղծուած բո՛ւն հայկական եկեղեցին ներկայիս գործնականօրէն բռնագրաւուած վիճակի մէջ է, ինչ որ մեծ ցաւ կը պատճառէ բոլոր գիտակից հայերուն։ Ֆրանսայի հայոց թեմի հաստատման հանգրուանին, Նիսի այդ շրջանի ծխական վարչութիւնը ունացած էր՝ պատմութեան առջեւ դատապարտելի, շատ տխուր դերակատարութիւն մը։ Պատրաստուած կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն դէմ արհեստական վերապահութիւններ յառաջ քշելով՝ այդ տխրահռչակ խումբը ըմբոստացած էր թէ՛ թեմակալ ղեկավարութեան եւ թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ։ Այդ մարդիկ անհիմն ձեւով կը պնդէին, թէ կանոնադրութիւնը խոտոր կը համեմատէր Ֆրանսայի օրէնսդրութեան՝ հակառակ անոր, որ երկրին պատկան իշխանութիւնները վաւերացուցած էին զայն։ Յաչս համայն հայութեան այսօր աստիճանաբար կը մերկանայ, որ այդ տխրահռչակ խումբը իրականութեան մէջ հետամուտ էր հատուածական շահերու եւ յետին նպատակներու։ Զուգահեռաբար՝ այդ խումբը զրկուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ անունով գործելու իրաւունքէն, իր բռնագրաւած եկեղեցիով հանդերձ, ինչ որ հաստատուած է նաեւ ֆրանսական դատական իշխանութիւններուն կողմէ։ Նկատի ունենալով, որ այդ խումբը երկար ժամանակէ ի վեր կը մերժէ կամ կը խուսափի եկեղեցւոյ շէնքը բո՛ւն տիրոջ վերադարձնելէ՝ բռնագրաւիչի դիրքին մատնուած է այնտեղ, մինչ Հայ Եկեղեցւոյ վաւերական, օրինապէս ճանչցուած ծուխը կը գործէ այլ երդիքի մը ներքեւ։ Ցաւալի պարագաները առաւել եւս խորացած են՝ նոյն տխրահռչակ գործիչներուն կողմէ հրաւիրուած կարգալոյծ հոգեւորականներուն կատարած իբր թէ արարողութիւններուն, խորհրդակատարութիւններուն կամ ծիսակատարութիւններուն բերումով։ Իրականութեան մէջ այս բոլորը ունին նաեւ ծիծաղաշարժ բնոյթ՝ քանի որ կ՚ապրուին Ֆրանսայի մէջ, որ մարդու իրաւանց եւ հիմնարար ազատութիւններու բնօրրանը կը համարուի եւ այնտեղ խումբ մը մարդիկ կը յաջողին հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալներու պաշտամունքի ու խղճի ազատութիւնը խափանարարել, անոնց նուիրական արժէքներուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններով հանդերձ։ Հարկ է աւելցնել նաեւ, թէ Նիսի մէջ ապրուածները ժամանակի ընթացքին կուտակուելով վերածուեցան լուրջ ազդակի մը, որ պատրաստեց Ֆրանսայի նորահաստատ թեմի առաջին առաջնորդ Տ. Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարականին ենթագետինը։
Այս իրավիճակին մէջ հաւանական ելքը բոլորին կը թուի բաւական դժուար, սակայն ահա՛ յոյսի նշոյլն ալ պայմանաւորուած էր թեմակալ նոր առաջնորդի՝ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի պաշտօնի ձեռնարկելով։ Նոր առաջնորդը վերջերս Նիս այցելեց Թեմական խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճոլոլեանի հետ։ Ֆրանսայի թեմի աղբիւրները պաշտօնապէս տեղեկացուցին, թէ առաջնորդն ու ատենապետը հանդիպած են՝ Նիսի նախկին ծխական վարչութեան եւ անոնց արբանեակներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Սեղմ տողերու մէջ խմբագրուած հաղորդագրութեան մէջ կը խօսուէր երկխօսութեան մը հաւանականութեան շուրջ։ Հաշուի առնելով, որ Նիսի նախկին ծխական վարիչները հարցը վաղուց դուրս բերած են սկզբունքայնութեան հունէն եւ կը հետապնդեն անձնական շահեր, այստեղ անխուսափելիօրէն ի յայտ կու գան բանակցութիւններու, նոյնիսկ սակարկութիւններու հեռանկարները։ Անտարակոյս, շատ ողջունելի ու նոյնքան ուրախառիթ էին վերջին լուրերը։ Բայց եւ այնպէս, պարզ է նաեւ, որ ամէն տեսակ հաշտութիւն կրնայ գոյանալ, եթէ ձեւաւորուած ըլլան անոր իրատես նախադրեալները։ Հետեւաբար, նախապաշարում մը պիտի չ՚ըլլար զգուշաւոր լաւատեսութիւնով մը այս բոլորին մօտենալը։ Թէ ի՞նչ շարունակութիւն կրնայ ունենալ այս գործընթացը։ Ինչպիսի՞ իրավիճակի մը մէջ, ի՞նչ տուեալներու լոյսին ներքեւ հաշուարկներ կամ կանխատեսումներ կարելի է ընել։
Վերջին օրերուն այս բոլորին կապակցութեամբ զրուցելու տեսանկիւնէն պատեհ առիթ մը հանդիսացաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի Նիսի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Արթօ Օգսայեանի կողմէ խմբագրատունս տրուած այցելութիւնը։ Ատենապետ Օգսայեան, որ նախկին պոլսահայ մըն է, քաղաքս այցելած էր օգտուելով ամրան արձակուրդի շրջանէն։ Իր կեցութեան ընթացքին ան այցելած է Պատրիարքարան։ Օգսայեան ջերմ տպաւորութիւններ փոխանցեց Գումգաբուի մէջ շնչած մթնոլորտին մասին։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ ունեցած են անմիջական զրոյց մը։ Գալով Նիսի իրադարձութիւններուն...
Օգսայեանի թէ՛ այցելութեան ընթացքին եւ թէ վերադառնալէ վերջ հեռաձայնով փոխանցածներէն կարելի է հետեւցնել, որ ճիշդ է՝ Նիսի մէջ յոյսի նշոյլ մը գոյութիւն ունէր կամ եթէ նոյնիսկ հիմա ալ ունի, սակայն խնդիրը միշտ կը պահէ փակուղային բնոյթը։ Այդ յոյսը իսկական հնարաւորութեան մը վերածելու եւ այդ մէկն ալ չմսխելու նպատակով այժմէն պէտք է առաջնորդուիլ նպատակասլաց մարտավարութիւնով մը։ «Մենք բոլորէն աւելի կը փափաքինք, որ հաշտութիւն ըլլայ, միասնականութիւն հաստատուի, բայց ոչ ամէն գնով», ըսաւ Օգսայեան։
Ֆրանսահայոց նոր թեմակալ առաջնորդը՝ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան եւ Փաթրիս Ճոլոլեան Նիսի մէջ տեսակցած են թէ՛ այժմու օրինական ծխական խորհուրդի ատենապետին եւ ընկերներուն եւ թէ այժմ արդէն նախկին վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Հետաքրքրական հանգամանքներէն մին այն է, որ առաջնորդն ու ատենապետը այդ երկու հանդիպումները ունեցած են առանձին-առանձին։ Այսինքն, այժմու օրինական ծուխին ընտրեալ ղեկավարութիւնը չէ ներկայացուած առաջնորդին եւ ատենապետին նախկին՝ այժմ պաշտօնական հանգամանքէ զրկուած վարչութեան անդամներուն կամ անոնց արբանեակնարուն հետ տեսակցութեան ընթացքին։ Սա բաւական ուշագրաւ նիւթ մըն է եւ այդ կապակցութեամբ շօշափել փորձեցինք Օգսայեանի կարծիքը։ «Մեզի համար ալ այդ ձեւը զարմանալի էր, սակայն պատճառը մենք ալ չենք գիտեր։ Մենք գիտենք, որ Սրբազանը եւ ատենապետը տեսակցած են չորս հոգիէ բաղկացեալ խումբի մը հետ։ Այդ անձերը եղած են՝ Նուրհան Պալիոզեան, Արամ Գարթուն, Զարեհ Մարտիրոսեան եւ Թովմասեան։ Երկար ժամանակէ ի վեր անհետացած էր կարգալոյծ Կիւրեղեանը, որուն ընել կու տային իրենց այդ իբր թէ արարողութիւնները։ Եկեղեցին, որ կը պահեն իրենց ձեռքը, չէր գործեր, հեռու էր կենսունակութենէ։ Սրբազանին եւ ատենապետին հետ հանդիպման ժամանակ պնդած են, որ իբր թէ իրենք ճամբած են Կիւրեղեանը՝ որպէս հաշտութեան համար զիջում։ Բայց եւ այնպէս, այդ հանդիպումէն կարճ ատեն անց՝ ծանուցեցին, որ Ս. Աստուածածնայ տօնին կարգալոյծը վերստին արարողութիւններ պիտի կատարէ այնտեղ։ Եւ իսկապէս ալ այդպէս եղաւ դժբախտաբար։ Կարգալոյծ Կիւրեղեան Ս. Աստուածածնի տօնին նախորդող Ուրբաթ օրը դարձեալ եկաւ Նիս եւ տաղաւարի օրը կատարեց այդ իբր թէ, այսպէս կոչուած արարողութիւնները։ Մասնակցութիւն ապահովելու համար այնտեղ կազմակերպեցին նաեւ ձրի ճաշկերոյթ մը, որուն հրաւիրուած էին չորս երգիչներ։ Մարթէն Եորկանցն էր այդ չորս երգիչներէն մին։ Մենք գիտենք, թէ ան երբեք անվճար չի մասնակցիր նման ձեռնարկներու. կը ստանայ լուրջ վարձատրութիւն։ Հին վարչայինները մեր դիմաց իրենց կորսնցուցած դատերուն տուգանքները չեն վճարեր՝ պատճառաբանելով միջոցներու չգոյութիւնը, սակայն միւս կողմէ վճարովի երգիչներով կը կազմակերպեն ձրի ճաշկերոյթներ։ Հին վարչայինները պնդած էին, թէ իբրեւ հաշտութեան նշան ուղարկած էին կարգալոյծ Կիւրեղեանը։ Այս մասին խօսեցայ նաեւ Պարոն Ճոլոլեանին հետ. ինքն ալ մեծ յուսախաբութեան մէջ էր։ Ո՞ւր մնաց հաշտութիւնը։ Զարտուղի երեւոյթներէն մին ալ այն է, որ կարգալոյծ Կիւրեղեան զբօսաշրջական մուտքի արտօնութեամբ կու գայ Ֆրանսա, սակայն այստեղ կ՚աշխատի գործնականօրէն։ Նման պարագաները պատիւ չեն բերեր ֆրանսահայութեան, ժխտական անդրադարձ կրնան ունենալ անոր վարկին վրայ», նշեց Օգսայեան։ Այս տխուր սրբապղծութեան թատրոնը, իր վկայութիւններով, ցասում յառաջացուցած է Նիսի հայութեան մօտ։
Նիսի տագնապին ընթացքը, այժմու կացութիւնով, ըստ էութեան, պայմանաւորուած է երկու հիմնական դատավարութիւններով։ Այս երկու դատական գործընթացներն ալ կ՚ընթանան ի վնաս նախկին վարչայիններուն։ Առաջին դատը կը վերաբերի Նիսի հովուատան։ Այսինքն, նախկին վարչայինները, որոնք ներկային գործնականօրէն գրաւած են Նիսի հայկական եկեղեցին, փորձած են նաեւ ձեռք անցընել անոր հովուատունը։ Այդ նպատակով անոնք դատ բացած են՝ որպէսզի ծուխին օրինական հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան դատարկէ հովուատունը, որ մաս կը կազմէ այժմ գործնականօրէն գրաւուած եկեղեցւոյ համալիրին։ Անոնք ձախողած են այս նախաձեռնութեան մէջ, կորսնցուցած են դատը, որովհետեւ ֆրանսական դատական մարմինները վճիռ արձակած են՝ հովիւին հովուատունէն չհեռանալուն ուղղութեամբ։ Սա նախկին վարչայիններուն տեսակէտէ եղած է լուրջ հարուած մը։
Երկրորդ դատն ալ անոնց տեսակէտէ առ այժմ չունի նպաստաւոր ընթացք մը, թէեւ տակաւին կանուխ է խօսիլ վերջնական արդիւնքներու մասին։ Այս դատին նիւթը շատ աւելի խոր, մասնայատուկ նշանակութիւն մը ունի։ Ներկայիս Նիսի եկեղեցին գործնականօրէն գրաւած խումբը՝ յաչս ֆրանսական պետութեան, պաշտօնապէս կը գործէ կրօնական ընկերակցութեան մը կարգավիճակով։ Նախկին վարչայինները կը գործեն այդ հովանոցին ներքեւ եւ այս ձեւաչափը կ՚օգտագործեն իրենց եկեղեցականօրէն ապօրինի գոյութիւնը թուղթի վրայ արդարացնելու նպատակով։ Անոնք, սակայն, այս ճակատին վրայ եւս մատնուած են խուճապի։ Արդարեւ, թեմին (Փարիզէն) եւ ծուխին (Նիսէն) կողմէ ներկայացուած է պահանջ մը՝ որպէսզի նախկին վարչայիններուն այդ ընկերակցութիւնը զրկուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անունով գործելու իրաւունքէն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, որու գերակայ հանգամանքը ճանչցուած է նաեւ ֆրանսական պատկան իշխանութիւններուն կողմէ վաւերացուած թեմական կանոնադրութեան մէջ, դիմած է համապատասխան կարգադրութեան։ Ֆրանսական դատական մարմինները ընթացք տուած են՝ թեմի եւ ծուխի օրինական ղեկավարութեան կողմէ կատարուած այդ պահանջին։ Հայկական եկեղեցւոյ շէնքը զաւթած նախկին վարչայինները կը ջանան այժմ ապահովել այդ վճռին բեկանումը։ Արթօ Օգսայեան դիտել տուաւ, որ անոնք կը փորձեն բառախաղերով դուրս գալ իրենց մատնուած անել վիճակէն։ Նախկին ծխականները հիմա սկսած են օգտագործել՝ պարզապէս Հայ Եկեղեցւոյ անուանումը։ Անոնք կը ջանան այնպէս ձեւացնել, որ իբրեւ թէ կը հնազանդին իրենց դէմ արձակուած դատավճռին՝ խուսափելու համար տուգանքներէն։ «Սակայն բոլորը կը հասկնան, որ միայն առաքելական ածականը չնշելով անոնք չեն կրնար ելք մը ունենալ, որովհետեւ, երբ խօսքը կը վերաբերի Հայ Եկեղեցւոյ՝ ակնարկութիւնը ինքնաբերաբար կ՚երթայ մեր առաքելական եկեղեցւոյ», մատնանշեց Օգսայեան եւ աւելցուց, որ այս դատին կապակցութեամբ վճռաբեկին նիստը նախատեսուած է՝ յառաջիկայ Հոկտեմբերի 6-ին։
Արթօ Օգսայեանի փոխանցած մանրամասնութիւններով, առաջնորդին եւ թեմական խորհուրդի ատենապետին հետ Նիսի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, նախկին ծխական վարչայինները փափաք յայտնած են՝ որպէսզի բոլոր դատերը անյապաղ ետ քաշուին։
«Անոնք կը ձգտին տարակարծութիւններ հրահրել մեր թեմին ու ծուխին միջեւ։ Փարիզէն կը պահանջեն անմիջապէս ետ քաշել բացուած դատերը։ Նա՛խ, անոնք չեն կրնար մտնել նման բանակցութեան մը մէջ, որովհետեւ ֆրանսական օրէնսդրութեամբ համապատասխան սակարկութեան մը ձեռնարկելու համար լիազօրուած պէտք է ըլլան իրենց ընդհանուր ժողովին կողմէ, ինչ որ չկայ տուեալ պարագային։ Իրենց խոստումները ո՛չ միայն անկեղծ չեն, այլ նաեւ անվաւեր կը համարուին։ Յետո՛յ, այդ իրենց փութով ետ քաշուիլը պահանջած դատերը որո՞ւ կողմէ բացուած են։ Անոնք, պաշտօնական ձեւակերպումով, նո՛յն նպատակին հասնելու համար, նո՛յն պահանջով բացուած երկու տարբեր դատեր են։ Այսինքն դատը բացուած է թէ՛ Փարիզի եւ թէ Նիսի կողմէ։ Հետեւաբար, երկուքը համախոհ ձեւով կրնան ետ քաշել դատը։ Գիտնալով այսքանը՝ նախկին ծխականները կը հաշուարկեն տարակարծութիւններ հրահրել մեր թեմին ու մեր ծուխին միջեւ։ Արդէն Փարիզի փաստաբանը շատ յաճախ կ՚օգտուի մեր փաստաբանին փոխանցած տեղեկութիւններէն ու փաստաթուղթերէն. սա բնական է անշուշտ, որովհետեւ ան է, որ կը գտնուի տեղւոյն վրայ։
«Մենք նաեւ հետեւեալ տեսանկիւնէն կը մօտենանք հարցին։ Հիմա դատը բեկանման փուլի մէջ է, այսինքն իրենք է, որ դիմած են վճռաբեկին։ Եթէ իրենք դիմած են, ուրեմն թող իրենք ալ ետ քաշեն իրենց դիմումը։ Մենք, աւելորդ է ըսել, անշուշտ, որ հաշտութիւն ու միասնականութիւն կ՚ուզենք մեր ծուխէն ներս, բայց ո՛չ ամէն գնով։ Մեր պատկերացումներով, մենք պէտք չէ հրաժարինք մեր արդար դատէն։ Սպասենք արդիւնքին... Եթէ մենք շահինք, ապա իրաւական հարթութեան վրայ կ՚երաշխաւորենք մենք զմեզ, նաեւ որպէս զիջում, ի նշան եղբայրութեան կը հրաժարինք իրենցմէ գանձելու՝ դատարանին կողմէ սահմանուելիք տուգանքները։ Մենք յարմար կը նկատենք երթալ մինչեւ վերջ», շարունակեց մեր զրուցակիցը։
Ի լրումն այս բոլորին Արթօ Օգսայեան մատնանշեց այլ թեքնիկ հանգամանք մը եւս։ Նիսի մէջ հաշտութեան եզր կը համարուի նախկին ծխականներու ընկերակցութեան եւ այժմու օրինական նորաստեղծ ընկերակցութեան միացումը։ Օգսայեան դէմ չէ այդ վարկածին, բայց համոզուած է, որ միացումը պէտք է ըլլայ այժմու նոր ընկերակցութեան հովանիին ներքեւ։ «Արդարեւ, մենք երեք տարուան ընկերակցութիւն մըն ենք, մեր հաշիւները շատ պարզ, յստակ ու թափանցիկ են։ Աւելի՛ն, մեր ընկերակցութեան կանոնադրութիւնը համահունչ է թեմական կանոնադրութեան։ Կարելի է նոյնութեամբ շարունակել։ Միւս ընկերակցութեան պարագային պէտք պիտի ըլլայ կանոնադրութեան փոփոխութեան երթալ, խնդիրները արդէն ծագած են այդ կէտէն սկսեալ։ Հետեւաբար, իմաստ չունի տասնամեակներու վաղեմութեամբ ընկերակցութեան մը թղթաբանութիւնով ժամանակ վատնել», նշեց ան։
Թէ ի՞նչ հաւասարակշռութիւններ ստեղծուած են այսօր Նիսի մէջ։ Արթօ Օգսայեան պատմեց, որ անցեալին՝ առկայ տագնապին ծայր տալէն առաջ, Նիսի հայկական եկեղեցին ամէն Կիրակի հազիւ տասը հոգի կը յաճախէր։ «Այսօր ժողովուրդը շատ աւելի զգօն կը վարուի, կը համախմբուի օրինական ծուխին շուրջ։ Մեր մօտ հիմա ամէն Կիրակի շուրջ յիսուն հոգի կը հաւաքուի։ Պաշտօնական ու միջեկեղեցական շրջանակները կը ճանչնան ու երկխօս կ՚ընդունին մեզ։ Խորհրդակատարութիւններն ալ մեծաւ մասամբ կ՚ընթանան մեր մօտ, օրինական հոգեւոր հովիւին օրհնութեամբ ու հաւանութեամբ։ Անցեալի մէջ, «Նիս Մաթէն» թերթը մեր գործունէութիւնը լրջօրէն կը խոչընդոտէր իր նախապաշարեալ հրատարակութիւններով։ Հիմա յաջողած ենք լեզու գտնել խմբագրութեան հետ։ Այլեւս այդ թերթն ալ թողած է միակողմանի ընթացքը եւ իր անաչառ լրատուութիւններուն շնորհիւ՝ ֆրանսական հանրային կարծիքը կը լուսաբանուի առարկայականօրէն ու վերահասու կը դառնայ ճշմարտութիւններուն։ Ցաւով պէտք է արձանագրեմ, որ միայն մեր ֆրանսահայ մամուլէն մեր ակնկալած աջակցութիւնը չենք գտներ, նոյնիսկ մեր պատասխանի տարրական իրաւունքը կ՚անտեսուի դժբախտաբար», շարունակեց Օգսայեան։
Դիւանագիտական բանաձեւումով, Արթօ Օգսայեան վերապահ, զգուշաւոր լաւատեսութեան մը մէջ է՝ նոր առաջնորդին եւ ատենապետին Նիս կատարած այցելութեան խոստացած հեռանկարներուն շուրջ, դրական բոլոր ցանկութիւններով, բարեացակամ բոլոր մաղթանքներով հանդերձ։ «Այս տագնապի բոլոր երեսակներուն առընթեր, երկար տարիներէ ի վեր կը մղենք ջիղերու աննկարագրելի պայքար մը, յաճախ կը պայքարինք նաեւ ապատեղեկատուութիւններու դէմ, որոնք անպակաս են մեր մօտ։ Փոքրոգի մարդոց գործերը ինչպէ՞ս պիտի ըլլային այլապէս...», կ՚եզրափակէ Արթօ Օգսայեան։
Տեսնենք, տակաւին ինչե՛ր պիտի ապրուին Նիսի մէջ՝ մինչեւ որ երանելի օր մը, ի վերջոյ, յաղթանակէ բանիմացութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 12/09/2024