ԴԷՊԻ ԱՆԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակէ մնալ փակուղիի մէջ։ Ներկայ շաբթուան սկիզբին Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը արդէն նոր հարթութեան մը վրայ դրած է այս հարցը։ Այդ հանդիպման լոյսին տակ Նախաձեռնարկ մարմնի ծաւալած գործունէութիւնը հասած է կաթուածահար ըլլալու եզրին։ Ներկայ ընթացքով ակնյայտ է, որ Նախաձեռնարկ մարմինը անգործութեան կրնայ մատնուիլ՝ մանաւանդ, որ երէկ տեղի ունեցան իրերայաջորդ ծանրակշիռ հրաժարականներ։ Կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն օր մը վերջ՝ Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբերին, Նախաձեռնարկ մարմինը ժողով մը գումարած էր Պատրիարքարանի մէջ։ Շատ սահմանափակ տեղեկութիւններ հաղորդուած էին այդ նիստի աւարտին։ Ըստ էութեան, ընդգծուած էր, որ Նախաձեռնարկ մարմինը որոշած է վերջնական քայլեր առնելու համար սպասել տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի վերադարձին։ Երէկուան իրադարձութիւնները սակայն այդ տուեալներուն համապատասխան չեղան։ Համայնքային շրջանակներու մօտ լայն արձագանգ գտան իրերայաջորդ հրաժարականներու վերաբերեալ լուրերը։ Արդարեւ, առաջին հերթին Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Օրուան տեւողութեան իրերայաջորդ ձեւով կազմէն դուրս եկան նաեւ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներէն Մկրտիչ Սէրթշիմշէք, Անդրանիկ Քէօսէտաղ, Խաչիկ Ճանէլ եւ պահեստի անդամներէն Դաւիթ Տամլա։ Այս հրաժարականները ներկայացուեցան՝ առանց մինչեւ տեղապահի Իսթանպուլ վերադարձը համբերելու։ Բնականաբար, վէճէ դուրս էր, որ Նախաձեռնարկ մարմնին տեսակէտէ ստեղծուած էր ծանրակշիռ կացութիւն մը։ Մնաց որ, հաւանական կը համարուին նաեւ այլ հրաժարականներ, սակայն այդ մասին տակաւին չկան վերջնական տեղեկութիւններ։ Ընդհանուր առմամբ, Նախաձեռնարկ մարմնի կազմը կը բաղկանայ 13 հոգիէ եւ այժմու պայմաններով ատենապետը ներառեալ հինգ անդամներ նոյնաժամանակ հրաժարած են։ Եթէ նոր հրաժարականներ ըլլան, ապա նոյնիսկ Նախաձեռնարկ մարմինը կրնայ իր անդամներու կէսէն աւելին կորսնցնել եւ ինքնաբերաբար հասնիլ լուծարման եզրին։

Համայնքային շրջանակները ներկայիս անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին այս բոլորին ու կը սպասեն յառաջիկայ իրադարձութիւններուն։ Կուսակալութեան մէջ շաբթուան սկիզբին տեղի ունեցած տեսակցութիւնը պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը իսկապէս նոր հարթութեան մը վրայ դրած է։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երկար շաբաթներէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէր, որ իշխանութիւնները նոր պատրիարքի ընտրութեան համար պահը հասունցած չեն համարեր ու պատրաստակամ չեն ճանչնալու տեղապահին հանգամանքը եւ Նախաձեռնարկ մարմինը։ Այս իրավիճակին մէջ ան գործնականօրէն անկարելի կը համարէր պատրիարքական ընտրութեան իրականացումը։ Համայնքէն ներս կարգ մը շրջանակներ, ներառեալ Նախաձեռնարկ մարմինը բաւական թերահաւատութեամբ ու նոյնիսկ հակազդեցութիւններով կ՚ընկալէին Շիրինօղլուի կողմէ փոխանցուած պատգամները, որոնք սակայն ձեւով մը վերահաստատուեցան կուսակալութեան տեսակցութեան լոյսին տակ։ Մինչ ըս-տեղծուած նոր պայմաններուն ներքեւ համայնքային շրջանակները կը սպասէին Նախաձեռնարկ մարմնի արձագանգին, վերջին օրերու իրադարձութիւնները արդէն ստեղծած են բաւական մտահոգիչ պատկեր մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Նախաձեռնարկ մարմնի վերջին ժողովը անցած է լարուած մթնոլորտի մը մէջ։ Երկար ժամանակէ ի վեր կը խօսուէր, թէ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներուն միջեւ կան պառակտումներ։ Այդ բոլորը արդէն անթաքոյց ձեւով ջուրի երես ելած են վերջին օրերուն։ Երէկուան իրերայաջորդ հրաժարականները, մանաւանդ ատենապետին ալ հրաժարիլը, ապացոյց մը կը համարուի, որ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներուն կարեւոր մէկ մասը աստիճանաբար համոզուած են, թէ իրենց առջեւ ճանապարհը վերջացած է։

Ըստ որոշ մեկնաբանութիւններու, Սարգիս Քիւլէկէչի ալ կուսակալութիւն մեկնած ըլլալը յոյս մըն էր Նախաձեռնարկ մարմնին տեսակէտէ։ Երէկ, կարգ մը շրջանակներ աճապարեցին նման մեկնաբանութիւններով հանդէս գալու ուղղութեամբ։ Բայց եւ այնպէս, երբ վրայ հասաւ Սարգիս Քիւլէկէչի հրաժարականը՝ արդէն ինքնաբերաբար յայտնի դարձաւ, որ այդ սպասումները չափազանց լաւատեսութեան հետեւանքն էին, չըսելու համար միամտութիւն։ Նախաձեռնարկ մարմնի շարք մը անդամները արդէն տեսած են իրողութիւնները եւ համայնքային շահերը գերադասելով յանձն առած են այսպիսի զոհողութիւն մը։ Բոլոր անոնք, որոնք մօտէն կը հետեւին այս գործընթացին՝ կը յիշեցնեն, որ 12 Սեպտեմբեր 2017-ին, Պատրիարքարանի մէջ տեղապահին նախագահութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին ալ կարգ մը յառաջատար ազգայիններ արդէն այդ պահանջը դրած էին Նախաձեռնարկ մարմնին առջեւ։ Անցնող շաբաթները եւ այժմու իրավիճակը ցոյց կու տան, որ մեր համայնքը ի զուր ժամանակ կը կորսնցնէ։ Պատրիարքական ընտրութեան հասնելու համար անհրաժեշտ են նպատակասլաց քայլեր։ Այս գործընթացի տրամաբանութեան ներհակ են յամառութիւններն ու մանաւանդ հատուածական շահերու պաշտպանութիւնը։ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներուն մէկ մասը երկար ժամանակէ ի վեր չհասկնալ կամ չընկալել կը ձեւացնեն իշխանութիւններուն կողմէ փոխանցուած պատգամները։ Անոնք բանակցելու հնարաւորութիւն չունին, որովհետեւ այդ մարմինը պաշտօնական ճանաչում չէ գտած։ Ուղղահայեաց նուիրապետութեան տրամաբանութեան մէջ Նախաձեռնարկ մարմնի հնարաւորութիւնները սպառած ըլլալ կը թուին։ Հետեւաբար, համայնքին տեսակէտէ ժամանակի կորուստները պէտք է կանխուին թէ՛ Նախաձեռնարկ մարմնին եւ թէ տեղապահին կողմէ։

Նկատի ունենալով, որ կուսակալութեան մէջ պատրաստակամութիւն յայտնուած է՝ գրաւոր բացատրութիւններ տալու առումով՝ այժմ Նախաձեռնարկ մարմնի մէկ թեւը կը ջանայ այդպէսով դարձեալ ժամանակ շահիլ։ Պէտք է հասկնալ, որ այս փուլին յաւելեալ պահանջները Պատրիարքական Աթոռը կը դարձնեն խոցելի, մեր համայնքի իրաւունքներուն տեսակէտէ կը յառաջացնեն ռիսքեր։ Այսինքն, ակամայ, գործնականօրէն Պատրիարքարանի առջեւ կը ստեղծուի գրաւոր հրահանգները անվերապահօրէն գործադրելու խնդիրը։ Մինչդեռ, Պատրիարքարանը այդպիսի վիճակէ մը զերծ կրնայ պահուիլ՝ եթէ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ պատրիարքական ընտրութեան փուլերը համաձայնեցուին, համակարգուին պատկան մարմիններուն հետ։

Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) շրջանակներէն ալ այս վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ կը հասնին զանազան լսումներ։ Այսպէս, կը նախատեսուի, որ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի վերադարձին Նախաձեռնարկ մարմինը, այժմու պայմաններով մնացեալ անդամները խորհրդակցութիւն մը ունենան իր հետ։ Աւելի վերջ կը նախատեսուի նաեւ խորհրդակցութիւն մըն ալ կազմակերպել համայնքային հաստատութիւններու ատենապետներուն եւ խումբ մը բարերարներու հետ։ Այս բոլորէն վերջ է, որ ճանապարհային քարտէս մը պիտի յստականայ։ Բայց եւ այնպէս, Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն եղած հրաժարականները արդէն կու գան կանխել այդ բոլորը։ VADİP-ի շրջանակները կը յիշեցնեն, որ տեղապահի գործունէութեան համար առաջին հերթին նախատեսուած էր վեց ամսուան ժամանակաշրջան մը եւ ի պահանջել հարկին Եկեղեցական համագումարը կրնայ ընտրել նոր տեղապահ մը։

Ըստ VADİP-ի աղբիւրներուն, Նախաձեռնարկ մարմինը ներկայիս չի նախատեսեր դատական իշխանութիւններու մօտ դիմումներ կատարել։ Այսպէս, ընդհանուր համոզումը այն է, որ մօտաւոր անցեալին լուծարուած Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ բացուած դատը ժամանակի ընթացքին չէ արդարացած եւ կը համարուի սխալ քայլ մը, ուստի ներկայ փուլին այդպիսի սխալ մը պիտի չկրկնուի։

Միւս կողմէ, առկայ ծանր իրավիճակին մէջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գերմանիայէն հրապարակեց զեկոյց մը։ Այս առթիւ ան տեղեկացուցած է, որ Իսթանպուլ վերադարձին այցելութիւն մը պիտի տայ կուսակալին՝ իրեն միջոցաւ արտայայտելու համար իր երախտագիտութիւններն ու շնորհակալութիւնները պետութեան նկատմամբ, որ կ՚երաշխաւորէ պատրիարքական ընտրութիւնը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2017