ՇՆՉԱՍՊԱՌ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) 2017-2018 շրջանի առաջին ժողովին արձագանգները կը շարունակուին։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած նիստը առիթ հանդիսացաւ համայնքային օրակարգի՝ այլեւս քարացած խնդիրներու հերթական քննարկման։ Թէ՛ պատրիարքական ընտրութեան եւ թէ համայնքային մարմիններու մատակարար մարմիններու ընտրութեան հարցերը այս պահուն հիմնական գերակայութիւն դարձած են մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ VADİP-ի ժողովէն վերջ բոլորը համամիտ էին, որ չեղաւ նորութիւն մը։ Համայնքային շրջանակներն ալ, ընդհանրապէս, ժողովը ընկալեցին նոյն ձեւով։ Ճիշդ է, սակայն նաեւ շատ հետաքրքրական։ Արդարեւ, համայնքային վարիչները աստիճանաբար արդէն իրենք իսկ յուսախաբ ըլլալ սկսած են՝ իրենց իսկ գումարած ժողովներէն։ Համայնքային մարմիններու վարիչները սեփական խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ կ՚արձանագրեն, որ նորութիւն մը չկայ։ Կարճ խօսքով՝ առկախեալ ընտրութիւնները այնպիսի հետեւանքներ կ՚ունենան, որ մեր հաւաքական կեանքէն ներս մշուշապատ վիճակի մը պայմաններուն ներքեւ օրէ օր կը կուտակուին նոր հարցականներ։ Մեծ զոհողութեամբ եւ հասունութեամբ թէեւ մեր համայնքային վարիչները կը դիավարեն անորոշ իրավիճակի մը մէջ, սակայն այսօր արդէն անզէն աչքով տեսանելի է, որ շնչասպառ համբերութեան մը ճիրաններուն մէջ է մեր համայնքը։

Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու VADİP-ի ժողովին ընթացքին մանրամասնօրէն խօսեցաւ առկախեալ ընտրութիւններու վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, ան տեղեկացուց, որ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ թղթածըրարը, Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ փոխանցուած մանրամասն տեղեկութիւնները ներկայիս կը գտնուին ներքին գործոց նախարարի աշխատասեղանին վրայ։ Շիրինօղլու յայտնեց, որ ինք առարկայականօրէն համայնքին փոխանցած է պատկան իշխանութիւններուն մօտեցումները։ Ան ցաւ յայտնեց, որ դիտումնաւոր ձեւով միշտ թիրախ դարձուած է համայնքի կարգ մը խաւերուն կողմէ։ Շիրինօղլու նշեց, որ ինք ամէն ինչ յանձնած է Աթոռի երեք սրբազաններու նկատառման եւ յետայսու մտադիր չէ մամուլին տեղեկութիւններ փոխանցելու այս մասին։ Շիրինօղլու բացատրեց, որ պետութեան մօտ Նախաձեռնարկ մարմինը տեղի տուած է վերապահութեան։ Այդ վերապահութիւնը ունի զանազան պատճառներ։ Անոնցմէ մին այն է, որ Նախաձեռնարկ մարմնի կազմը գրեթէ նախապէս ամբողջութեամբ յայտնի էր։ «Ի ցոյց մարդկան ժողով մը գումարեցին՝ ձեւացնելու համար, որ իբրեւ թէ ընտրութիւնով նախաձեռնարկ մարմին մը կը կազմեն։ Ես այդ բոլորը տեսայ եւ ինծի ներկայացուած առաջարկին փոխարէն անմիջապէս տեղեկացուցի, որ պատրաստակամ չեմ այդ մարմնին մէջ գտնուելու», նշեց Շիրինօղլու եւ աւելցուց, որ պատրիարքի թեկնածուները պէտք է բաց վարուին պետութեան հետ։

Պետրոս Շիրինօղլու միեւնոյն ժամանակ տեղեկացուց, որ կը ջանայ Իսթանպուլի կուսակալութեան պատկան պատասխանատուներէն ապահովել ժամադրութիւն մը՝ որպէսզի ուրիշ ազգայիններ ալ վերահասու դառնան կացութեան։ Իր խօսքերով՝ ամենայն հաւանականութեամբ յառաջիկայ Ուրբաթ VADİP-ի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութենէն Վարուժան Պուլկան կուսակալութիւն պիտի այցելեն՝ խորհրդակցութիւններու համար։

Շիրինօղլու խօսեցաւ նաեւ համայնքային մարմիններու առկախեալ ընտրութիւններու հարցերուն շուրջ։ Նկատի ունենալով, որ մօտաւոր անցեալին ան Անգարայի մէջ, Չանքայայի ապարանքի երդիքին տակ այս հարցը քննարկած էր փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի հետ՝ VADİP-ի ժողովի ընթացքին համայնքային վարիչները վերահասու դարձան ամենաթարմ տեղեկութիւններուն։ Շիրինօղլուի խօսքերով՝ փոխ-վարչապետը տեղեկացուցած է, որ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութեան վերաբերեալ թղթածրարը վաղուց կը գտնուի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին մօտ։ Այդ թղթածրարը մատուցուած է Հանրապետութեան նախագահին եւ ան տնօրինութիւն մը պիտի ընէ՝ ըստ իր հայեցողութեան։ Ուստի, անկարելի է միջամտել այն թղթածրարներուն, որոնք արդէն հասուննալով՝ ուղարկուած են Հանրապետութեան նախագահին։ Թէ՛ Չավուշօղլուի եւ թէ մինչեւ այսօր ունեցած շփումներու լոյսին տակ Շիրինօղլու յայտնեց, որ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններու հարցին մէջ թրքահայութեան տեսակէտէ խնդրայարոյց շարք մը իրադարձութիւններ ապրուած են։ Մասնաւորապէս մեր համայնքին կողմէ մէկէ աւելի, իրերամերժ ու այլընտրանքային կանոնադրութեան նախագիծերու ներկայացուած ըլլալը ստեղծած է խոցելի կացութիւն մը։ Պետական աւագանիէն զանազան դէմքեր ցայսօր յայտնած են, որ իշխանութիւնները իրականութեան մէջ փութով կրնան պատրաստել ընտրական կանոնադրութիւն մը, սակայն չեն փափաքիր պարտադրանք ստեղծել փոքրամասնական համայնքներուն առջեւ։ Շիրինօղլու կրկնեց նաեւ ցայսօր քանիցս մատնանշած հիմնական հարցերէն մին։ Այսպէս, պետական մարմինները կ՚ակնկալեն, որ մեր համայնքը արդիականացնէ ու կատարելագործէ ընտրողներու ցուցակները։ Սա շատ էական հարց մըն է։ Շիրինօղլուի խօսքերով՝ պատկան մարմինները կը հետեւին մեր համայնքի ներքին խմորումներուն ու կը տեսնեն, որ կարգ մը շրջանակներ կը ծրագրեն պլոք քուէարկութիւններ ապահովելով ձեռք անցընել համայնքային մարմիններու ընդհանուր հակակշիռը։ Այս բոլորը մտահոգիչ կը համարուին պետութեան տեսակէտէ։ Ուստի, Շիրինօղլու շեշտեց, որ ընտրացուցակներու արդիականացումն ու կատարելագործումը ունի էական նշանակութիւն։ Ան աւելցուց նաեւ, որ պաշտօնական մարմինները յակուած են շրջանային հիմքով ընտրական դրութեան մը հաստատման, սակայն անշուշտ տակաւին չկան վերջնական արդիւքներ։

Հուսկ, VADİP-ի այս վերջին ժողովէն վերջ հերթական անգամ վերահաստատուեցաւ, թէ մեր համայնքային կեանքի վերաշխուժացումը ներկայ պահուն կախում ունի ընտրութիւններու խնդրի լուծումէն։

ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱՆՑԷ ՊԱՇՏՕՆԱՎԱՐՄԱՆ ՀԵՐԹԸ

VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի առաքելութեան ժամկէտի վերջանալուն։ Ան տարեվերջին պիտի աւարտէ իր պաշտօնավարութեան ժամկէտը։ Ըստ փոքրամասնական վաքըֆներու կողմէ որդեգրուած հերթափոխութեան սկզբունքին՝ իրեն պիտի յաջորդէ հրեայ համայնքէն ներկայացուցիչ մը։

Ժողովականները վերահասու դարձան, որ հերթափոխութեան այս փուլին Թորոս Ալճանի գրասենեակի պիւտճէի հաւասարակշռման համար անհրաժեշտ է շուրջ 50 հազար լիրա գումար մը։ Երկար տարիներէ ի վեր, փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի տարեկան պիւտճէին համար մեր համայնքին վիճակած գումարը կա՛մ Պետրոս Շիրինօղլու կը դիմագրաւէր իր անձնականէն եւ կամ այդ ծախսերը կը հոգար Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը։ Այս տարի որոշուած է, որ այլեւս մեր բոլոր հաստատութիւնները ունենան մասնակցութիւն։ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ստանձնած է կարեւոր բաժին մը։ Այլ հաստատութիւններու կողմէ ալ յանձն առնուեցան որոշ բաժիններ։ Ատենա-դըպիր Յարութիւն Շանլը կոչ ուղղեց՝ որպէսզի նախանձախնդիր վերաբերմունք ցուցաբերուի, որովհետեւ հարցը կը վերաբերի մեր համայնքի վարկին։ Ան նշեց, որ Թորոս Ալճանի պաշտօնավարութեան շրջանը եղած է արդիւնաւէտ, բնորոշուած ձեռքբերումներով, ուստի հրաժեշտի փուլին մեր համայնքային հաստատութիւնները պէտք է ունենան համապատասխան վերաբերմունք։

Այս նիւթի քննարկման ժամանակ Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեան հանդէս եկաւ քննադատական ելոյթով մը։ Ան անբաւարար նկատեց Թորոս Ալճանի գործունէութեան ընդհանուր արդիւնքը։ Էօզսահակեան բաղդատութիւններ ըրաւ անոր նախորդին՝ Լաքի Վինկասի հետ։ Իր խօսքերով՝ Լաքի Վինկաս պաշտօնավարութեան տարիներուն ձեռքբերումներ ապահոված էր իր պատկանած յոյն համայնքին համար։ «Անոնք, որոնք նման պաշտօններու գլուխ կ՚անցնին, նախ եւ առաջ պէտք է մտածեն իրենց սեփական համայնքը։ Լաքի Վինկաս ըրաւ այդպէս, սակայն մենք որպէս համայնք ի՞նչ շահեցանք Թորոս Ալճանի գործունէութեան շնորհիւ», ըսաւ Էօզսահակեան։

Յարութիւն Շանլը այս կէտին վրայ ընդգծեց, որ Թորոս Ալճանի աշխատանքները պէտք չէ ստորագնահատուին։ Իր ջանքերով Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակը ունեցաւ արխիւ մը, որուն նշանակութիւնը մեծ է։ Շանլը յիշեցուց, որ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան հարթակի աշխատանքներու ծիրին մէջ՝ Ալճան ուշագրաւ ելոյթներ ունեցած էր արտասահմանի մէջ։ Ուստի, Յարութիւն Շանլը դիտել տուաւ, որ ակադեմական կեանքէ ներս ալ նուաճումներու հասած այս դէմքը պէտք է խնայուի։

Նազարէթ Էօզսահակեան խորացուց իր քննադատութիւնները, ներառնելով նաեւ Յարութիւն Շանլըն։ Ան յայտնեց, որ իր խօսքերը չեն վերաբերիր Ալճանի ակադեմական գործունէութեան, սակայն պնդեց իր քննադատական մօտեցումներուն վրայ։ Էօզսահակեան տակաւին հարցաքննութեան բացաւ Ալճանի ընտրութեան շրջանի՝ շուրջ երեք տարուան վաղեմութեամբ անցուդարձերը։ Ան յիշեցուց, որ այդ ժամանակ ինքն ալ թեկնածու էր այդ պաշտօնին համար եւ քուէարկութիւնը կորսնցուցած էր միայն երեք քուէի տարբերութեամբ։ Այդ ժամանակ Յարութիւն Շանլը փոխանորդաբար, լիազօրագրերով քուէ գործածած էր չորս հաստատութեան անունով, բոլոր քուէները կեդրոնացուցած էր Թորոս Ալճանի վրայ եւ ապահոված՝ անոր ընտրութիւնը։ Իր ենթարկուած անիրաւութեան լոյսին տակ Էօզսահակեան պնդեց, որ եթէ ինք ընտրուած ըլլար, ապա շատ աւելի լուրջ օգուտներ կրնար ապահովել մեր համայնքին համար, առնուազն լուծած կրնար ըլլալ մեր վաքըֆներու ընտրութեան հարցը։

Յարութիւն Շանլըն ալ վրդովմունքով փոխադարձեց այդ խօսքերուն, մինչ այդ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու հանդէս եկաւ պաղարիւն միջամտութիւնով մը։ Ան յայտնեց, որ հաւաքական կեանքէ ներս ուշադիր պէտք է ըլլալ երախտագիտական թերացումներու մէջ չիյնալու համար։ Շիրինօղլու աւելցուց նաեւ, որ ճիշդ չի համարեր ենթակային, այս պարագային Թորոս Ալճանի բացակայութեամբ ծաւալուած խօսակցութիւնները՝ մանաւանդ, որ ան ի վիճակի չէ պատասխանելու։ Այսպէսով փակուեցաւ այս բաժինը։

Ժողովի աւարտին, ժողովականներու արձակման փուլին այս մասին ոտքի վրայ կարճ զրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Նազարէթ Էօզսահակեանի եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ներկայացուցիչ Մինաս Քորթունի միջեւ։

ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒԻ ԿՈՂՄԷ ՊԷՅՔՈԶԻ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԻՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԼՈՒՐՋ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ

Պէյքոզի իրադարձութիւններն ալ ժողովականներու ուշադրութեան առարկայ դարձան VADİP-ի այս եղանակի առաջին ժողովին տեւողութեան։ Ներկայ էր նաեւ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեան։ Ծանօթ է, որ Պէյքոզի թաղային խորհուրդը պետութեան կողմէ իրեն փոխանցուած գումարները տնօրինելու համար կազմած է խորհրդատուներու յանձնախումբ մը եւ անոր կազմին մէջ է նաեւ Յարութիւն Շանլը։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ընդհանուր առմամբ վերապահութիւն յայտնեց խորհրդատու յանձնախումբին եւ թաղային խորհուրդին կողմէ ներկայիս որդեգրուած ընթացքին շուրջ։ Իր խօսքերով՝ ներկայիս պետութեան կողմէ Պէյքոզի թաղային խորհուրդին փոխանցուած գումարներուն տոկոսները կը բաժնուին մեր վարժարաններու պիւտճէի բացերը հաւասարակշռելու համար, այս բոլորը կը հրապարակուին, սակայն առկայ ընթացքը ապագային կրնայ դառնալ խնդրայարոյց։ Պատահական չէ, որ Վաքըֆներու շրջանային տնօրէնութենէն պաշտօնատարներ թաղային խորհուրդի ատենապետի նկատառման յանձնած են՝ թէ խորհուրդ չեն տար գումարները բաժնել այս ձեւով։ Շիրինօղլու շարունակեց.

«Պէյքոզին փոխանցուած գումարները պետական աւագանիի անմիջական ուշադրութեան առարկայ են։ Հանրապետութեան նախագահը տարեմուտին մեր ներկայութեամբ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պարոն Ատնան Էրթէմը զգուշացուց, որ այդ գումարներու պարագային հաշուետու պիտի համարէ զինքը։ Ընդհանուր տնօրէնն ալ յայտնեց, որ Պէյքոզի գումարները փոխանցուած են՝ որպէս հատուցում ապասեփականացեալ տարածքի։ Վաքըֆներու վերաբերեալ օրէնսդրութեան տրամադրութիւններով՝ որեւէ վաքըֆ, որ ապասեփականացման փոխարէն գումար կը ստանայ, պարտաւոր է այդ գումարով նոր կալուած մը ձեռք բերել։ Այս հանգամանքը յստակօրէն նշուած է ընդհանուր տնօրէնին կողմէ, սակայն Պէյքոզի պարագային նկատի չ՚առնուիր»։

Յարութիւն Շանլը յայտնեց, որ ներկայիս Պէյքոզի թաղային խորհուրդին հասած է Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ վճարուած հատուցումը, իսկ ապագային կը սպասուի Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ փոխանցուելիք հատուցման։ Նախարարութիւնը վճարած է Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան տարածքին վրայ կառուցուած դպրոցին համար։ Քաղաքապետարանը պիտի վճարէ՝ նոյն կալուածին վրայ կառուցուած դպրոցին համար։ Ուստի, Պէյքոզէն ներկայիս մեր վարժարաններուն համար յատկացումներ կը կատարուին քաղաքապետարանէն ակնկալուած գումարներու հաշւոյն։

Պետրոս Շիրինօղլու նշեց, որ այսպիսի պատճառաբանութիւն մը չի կրնար ի զօրու ըլլալ յաչս պետութեան։ Որովհետեւ երկու հատուցումներն ալ կը վճարուին նո՛յն կալուածին համար, նո՛յն կալուածի տարբեր մասերուն համար։ Երկու տարբեր մարմնէն հատուցման գումարի փոխանցումը չի փոխեր այն ճշմարտութիւնը, թէ ապասեփականացման կարգադրութեան մը բերումով այս վաքըֆը կ՚ունենայ սոյն գումարները։ Հետեւաբար, եթէ գումարները կու գան ապասեփականացման փոխարէն՝ որպէս հատուցում, ապա անհրաժեշտ է, որ այդ գումարներով գնուին կալուածներ եւ այդ կալուածներուն հասոյթը պէտք է բաժնուի համայնքի կարիքներու դիմագրաւման։ «Ես այժմէն կը զգուշացնեմ. այլապէս պատկան մարմինները կրնան գումարը սառեցնել՝ մինչեւ նոր կալուածի մը գնուիլը եւ կամ տարածքի մնացեալ բաժնի պարագային կը վերասահմանուի գերեզմանատան կարգավիճակ եւ համայնքը կը զրկուի այնտեղ որեւէ հասութաբեր շինարարութիւն ընելու հեռանկարէն։ Զգոյշ ըլլանք, որպէսզի մեր իսկ ձեռքով ապագայ խնդիրներու ծնունդ չտանք», ընդգծեց Պետրոս Շիրինօղլու։

Յարութիւն Շանլըն ալ աւելցուց, որ համոզուած է, թէ վերջին հաշուով կալուած մը պէտք է գնել Պէյքոզի միջոցներով։

Ժողովի աւարտին, մասնակիցներու հետ արձակման փուլին զրուցելու ատեն Վարուժան Մաղաքեանն ալ վերստին անդրադարձաւ այս նիւթին։ Իր խօսքերով՝ Պէյքոզի թաղային խորհուրդը աննախընթաց քայլ մը առած է՝ իրեն վիճակած միջոցներու տնօրինումը վստահելով համայնքէն մասնաւոր յանձնախումբի մը, սակայն այս մօտեցումը ցայսօր չի գնահատուիր ըստ արժանւոյն։ Մինչդեռ այս ոգին շատ անհը-րաժեշտ է համայնքին համար։

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՄՍԱԹՈՇԱԿՆԵՐԸ

VADİP-ի ժողովին ընթացքին շօշափուեցաւ նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Կարօ Փայլանի Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ունեցած վերջին ելոյթը։ Պիւտճէի քննարկումներու ծիրէն ներս, յանձնաժողովի մը աշխատանքին ժամանակ, Կարօ Փայլան նշած է, որ պետութիւնը միայն սիւննի կրօնաւորներու ամսաթոշակները կը վճարէ եւ պէտք է վճարէ նաեւ բոլոր դաւանանքներէ հաւաքականութիւններու կրօնաւորներուն թոշակները, այլապէս սա կը համարուի խտրականութիւն։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնեց, որ տեղական բազմաթիւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներ իրեն կը դիմեն՝ կարծիք հարցնելով այս հարցին շուրջ։ Սա զինքը կը թողու երկընտրանքի առջեւ, որովհետեւ մէկ կողմէ չի փափաքիր հերքած ըլլալ Կարօ Փայլանը, իսկ միւս կողմէ կան այլ հանգամանքներ։

Ատենապետ Շիրինօղլու ժողովականներուն բացատրեց, որ շուրջ երեք տարի առաջ այս հարցին առընչութեամբ քննարկումներ ծաւալուած են պատկան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այդ քննարկումները համընկնած են՝ համայնքային վարժարաններու համար պետութեան կողմէ տրուած նպաստներու վերաբերեալ աշխատանքներուն հետ։ Այսինքն, պետութեան ներկայացուցիչներուն հետ խօսակցութիւնները եղած են նոյնաժամանակ։ Դպրոցներու պարագային նախատեսուած նպաստի չափաքանակի սահմանման համար՝ համայնքի կրթական կեանքին մասին ներկայացուած են վիճակագրական տուեալներ։ Նոյն շրջանին Շիրինօղլու օրակարգի վրայ բերած է նաեւ հոգեւորականներու թոշակներու պետութեան կողմէ վճարման հարցը։ Ի պատասխան իրեն ըսուած է, որ տակաւին պէտք է սպասել այսպիսի նիւթի մը համար։ Նոյն շրջանին, մեր հոգեւոր հայրերն ալ որոշ վերապահութիւններով դրսեւորած են որոշ չկամութիւն։ Իրենց տրամաբանութիւնը այն եղած է, որ հոգեւորականները եթէ պետութեան կողմէ վարձատրուին, ապա կրնան ուրիշ նուիրապետութեան մը ենթարկուելու վիճակին դէմ յանդիման մնալ, ինչ որ կրնայ ունենալ անպատեհութիւններ։ «Հարցը այդ ժամանակ մնաց այդպէս», ըսաւ Շիրինօղլու եւ աւելցուց, որ պետութիւնը խտրականութեան մէջ անկարելի է մեղադրել այս նիւթին շուրջ, որովհետեւ սա կ՚ըլլայ միակողմանի մօտեցում մը։

Այս նիւթին շուրջ կարճ խորհրդածութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ VADİP-ի ելմտական յանձնախումբի ատենապետ Մասիս Եոնթան, որ արտայայտեց շրջահայեաց մերձեցումներ։ Իր խօսքերով, պետութենէն բան մը ստանալու ժամանակ պէտք է ըլլալ չափազանց ուշադիր։ Արդարեւ, պետութեան կողմէ բան մը ստանալ միշտ կը նշանակէ ստանձնել յաւելեալ պատասխանատուութիւն։ «Պետութեան կողմէ մասնաւոր վարժարաններուն համար նախատեսուեցան նպաստներ։ Պետութիւնը այդ քայլը առաւ այդ ոլորտին մէջ ներկայութիւնը նուազեցնելու եւ ծախսերը կրճատելու համար։ Մեր վարժարաններն ալ այդ ծիրին մէջ սկսան ստանալ նպաստներ եւ ձեւով մը վերահաստատուեցաւ իրենց մասնաւոր վարժարանի կարգավիճակը։ Մինչեւ հիմա այս նիւթին հետեւանքով պայքարի մէջ ենք՝ որպէսզի ըլլալով փոքրամասնական վարժարաններ՝ մեր հաստատութիւնները չդասուին սովորական մասնաւորներու շարքին, որովհետեւ մենք ունինք տրազերծ ըլլալու իրաւունք եւ այդ մէկը վտանգի պէտք չէ ենթարկուի կամայ թէ ակամայ», ըսաւ Եոնթան։

ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Յարակից յանձնախումբերու վերաբերեալ հարցերը եւս օրակարգի վրայ էին VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին։ Կալուածոց յանձնախումբը, ելմտական յանձնախումբը, կրթական յանձնախումբը ցարդ արդիւնաւէտ գործունէութիւն չկրցան ծաւալել։ Պետրոս Շիրինօղլու վաղուց կը յայտնէր, որ այլ յանձնախումբերու ալ կարիքը զգալի է, սակայն նոյն ստեղծուած յանձնախումբերը ցայսօր հեռու մնացին իրենց վրայ դրուած յոյսերը արդարացնելէ։ Կալ-ւածոց յանձնախումբ մը ստեղծուած էր եւ այդ մէկը թէ՛ Պատրիարքարանի եւ թէ VADİP-ի համար համատեղ աշխատանք կը տանէր։ Որոշ ժամանակ անց այդ յանձնախումբը ինքնաբերաբար մատնուցաւ անգործութեան։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը որոշ եռանդով մը կը գործէր կրթական յանձնախումբը, սակայն այդ մէկն ալ ընդհատեց իր աշխատանքը, մանաւանդ Նուրհան Փալաքօղլուի հրաժարականով։ Փալաքօղլու սկիզբէն ի վեր համակարգած էր այդ յանձնախումբին աշխատանքը։ Մօտաւոր անցեալին ստեղծուած ելմտական յանձնախումբն ալ չկրցաւ աշխատանքային կայուն դաշտ մը ունենալ։ Արդարեւ, այդ յանձնախումբին գլուխը կը գտնուէր յայտնի ելմտագէտ Մասիս Եոնթան, որ Պետրոս Շիրինօղլուին տեղեկացուցած էր, թէ մասնաւորապէս մեր վարժարաններու պարագային հաշուապահութեան տարրական նշոյլները գոյութիւն չունին, ուստի գրեթէ անկարելի է աշխատիլ այս պայմաններուն ներքեւ։

Նուրհան Փալաքօղլու յայտնեց, որ կրթական յանձնախումբը կազմուած էր տասն անդամներէ ու գործի ձեռնարկած՝ եռանդով։ Մեր կրթական համակարգի ընդհանրական եւ դպրոցներու առանձնայատուկ խնդիրները առնուած էին լուսարձակի տակ։ Յանձնախումբը կը նախատեսէր այդ բոլորին համար լուծումներ արտադրել արհեստավարժ մասնագէտներու հետ աշխատելով։ Կանոնաւոր ժողովներով աշխատանք տարուեցաւ միջոց մը, սակայն յանձնախումբի անդամներու ծանրաբեռնուած անձնական աշխատանքը կանխարգիլեց շարունակութիւնը։ Չարդարացան շօշափելի արդիւնքներու վերաբերեալ սպասումները։ «Մեր վարժարանները պէտք է այնպէս մը կառավարուին, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը համարուի մեծ կեդրոնի մը մասնաճիւղը», ըսաւ Նուրհան Փալաքօղլու։

VADİP-ի ատենադպիր Յարութիւն Շանլըն ալ յայտնեց, որ մեր վարժարաններու միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է ըլլայ անկեղծութիւն։ Ան ընդգծեց, որ մեր դպրոցներու աշակերտներու արձանագրութիւնները պէտք է կատարուին հասարակաց ձեւով։

Խորհրդակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ այն մօտեցումը, թէ մեր վարժարաններու բարեփոխման եւ կառավարման համակարգի բարելաւման աշխատանքներուն պէտք է մասնակցին նաեւ համայնքի այն վարիչները, որոնց ղեկավարած հաստատութեան հովանիին ներքեւ չեն գործեր դպրոցներ։

Յարակից յանձնախումբերու նիւթին վերաբերեալ քննարկումներուն ժամանակ Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկացուց նաեւ, որ նման հարցեր շօշափած է Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ ունեցած վերջին հանդիպման ընթացքին։ Նորին սրբազնութիւնն ալ ընդգծած է կալուածոց յանձնախումբ մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը։ Բաց աստի, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յայտնած է, որ համակարծիք է Պետրոս Շիրինօղլուի՝ մեր շարք մը վարժարանները միացնելու ուղղեալ կանխատեսումներուն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2017