Այս զատիկը...

Զատիկ է... Այո՛, դարձեալ զատիկ է։ Տօ՞ն, թէ... Օրացոյցը տաղաւար մը մատնանիշ կ՚ընէ հայուն։ Սա ի՞նչ օր է սգաւոր հայութեան համար։

Ուրախութիւնը եւ տօնի հասկացութիւնով պայմանաւորուած ամէն ինչ կախում ունի մարդու տրամադրութենէն։ Այդպէս է նաեւ հաւաքական հարթութեան վրայ։ Տխուր է հայոց ազգը. գաղտնի՞ք։ Սուգն է համակած հայոց աշխարհը։ Հայկազեան բազմահազար զաւակներու նահատակութիւնը կը ճնշէ հայ մարդուն վրայ։ Զոհեր, կորուստներ, փլատակներ, պատերազմական աւերներ, ծանր ողբերգութիւններ։ Դառնութիւնը կը թեւածէ հայոց երկնակամարին։ Ցաւը կը ստուերէ հայուն արեւը։ Վիշտը գերեվարած է ամէն ինչ։ Ողբը կը լռեցնէ ամէն ձայն։ Թորգոմեան տան վրայ կարծես անէծք կը տեղայ։ Եւ սակայն, զատիկ է, դարձեալ... Ինչպէս որ ծնունդ մը անցաւ աղիտալի պատերազմէն վերջ, այնպէս ալ զատիկ մը եկած է ահա հիմա։ Զատիկը յոյսի տօնն է։ Յարութեան խորհուրդը ի զօրու է նոր պատուհան մը բանալու. պատուհան, ուրկէ կ՚երեւի կեանքը, կը թափանցէ լոյսը։

Մինչ մարդկութիւնը նոր ապագայ մը կ՚որոնէ, հայութիւնը կը ջանայ պատուով թօթափել իր տառապանքը։ Ժամանակներու հոլովոյթը հետաքրքրական է։ Ան թէեւ միշտ կը պարտադրէ իր թափը, բայց ոչ միշտ միապաղաղ։ Երբեմն կեանքը քեզ կը տանի, երբեմն ալ ընհակառակն կամ փոխադարձաբար՝ դուն կեանքը կը տանիս։ Օրինաչափութի՞ւն... Այդ հակասութեան խաչմերուկին կը բիւրեղանայ նաեւ տօնական տրամադրութեան վերարտադրութիւնը։ Տօնը նորովի ընկալելը, զայն վերաիմաստաւորելն ու վերարժեւորելը կարողութիւն կը պահանջէ։ Արհեստականութիւնը լաւ չէ եւ ոչ ալ բալասան։ Երբեմն այդ կարողութիւնը կ՚ունենաս, երբեմն ալ ոչ։ Լաւագոյն պարագային օգնութեան կրնայ հասնիլ աւանդութեան ուժը, երբ կարողութիւնդ բաւարար չըլլայ։

Կեանքը, խորքին մէջ, ելեւէջ մըն է։ Վերելք չկայ՝ առանց անկումի։ Յաղթանակի բերկրանքը կարելի չէ մարսել ու տեւականացնել՝ առանց ունենալու պարտութեան փակուղիէն դուրս գալու իմաստութիւնը։ Յոյսն է նախապայմանը՝ անկումի վէրքերը ամոքելու, ինքնավստահութիւնը վերահաստատելու, դարձեալ սլացք հաւաքելու համար։ Հաւատը ինքնախաբէութիւն չէ, կամքն է վեր յառնելու յոյսը սնուցելու։

Ապրիլը մի միայն տուեալ պահու, ներկայ ժամանակի գործը չէ։ Ապրիլը նաեւ ձգտումն է առ ապագայ։ Եթէ հայոց յաջորդ սերունդները բարձր տրամադրութիւնով ապագայ մը պիտի ունենան, ապա այսօրուան մանուկները պէտք չէ զրկուին տօնական մթնոլորտէն։ Անոնց առողջ հոգեկերտուածքին մէջ անպայման պիտի ներգործեն մանկութեան քաղցր յուշերը, տօնական օրերու բնորոշ եզակի ապրումները։ Տօնական աւետիսը պէտք է արձագանգէ անոնց սրտին մէջ։

Հայը այս զատիկին նոր փորձութեան, նոր քննութեան առջեւ է։ Սուգին պէտք է հակադրել հաւկթամարտը...

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 3, 2021