CCAF-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԸՆԹՐԻՔԸ

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ երեկոյեան Փարիզի մէջ մէկտեղուեցաւ երկրի հայ համայնքի վերնախաւին հետ։ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդը (CCAF) երէկ երեկոյեան Փարիզի «Hôtel du Collectioneur»ի շքեղ սրահներուն մէջ կազմակերպեց իր տարեկան ընթրիքը։ Յատկանշական հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, քանի որ Էմմանիւէլ Մաքրոն նախագահ ընտրուելէ վերջ առաջին անգամ մէկտեղուեցաւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Փայլուն ընթրիքը համախմբած էր բազմահարիւր ներկաներ։

Էմմանիւէլ Մաքրոն տարեկան ընթրիքին մասնակցեցաւ որպէս պատուոյ հիւր։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած այս երեկոյթին մասնակցութիւն բերին նաեւ ֆրանսացի բազմաթիւ պետական եւ քաղաքական գործիչներ։ Ֆրանսահայ համայնքէն բազում ծանօթ դէմքեր նոյնպէս ներկայ էին այս ընթրիքին։ Հաւաքոյթի ներկաներու շարքին էին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտէճեան, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ, Լիոնի քաղաքապետ Գէորգ Քեփենեքեան, յայտնի քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տեւէճեան, ֆրանսահայ յայտնի հասարակական գործիչ Ալեքսի Կէօվսեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչները եւ շատ ծանօթ մտաւորականներ։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ յայտնի դաշնակահար Անտրէ Մանուկեանի։ Այս վերջինը մասնաւորապէս ընդգծեց, որ բազմակողմանի ինքնութիւնը կը համարուի հարստութիւն մը։ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ ունեցաւ ելոյթ մը եւ անդրադարձաւ կարեւոր ծրագրի մը։ Այսպէս, յառաջիկային Փարիզի կեդրոնէն ներս, Ֆորում-տէ-զ՚Ալի մէջ պիտի բացուի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի մասնաճիւղը։ Անն Իտալկօ, որ անդրադարձաւ Փարիզի ու Երեւանի համագործակցութեան՝ ընդգծեց, որ այս պարագային Երեւան արդէն իր օրինակով ներշնչած է Փարիզը։ Անն Իտալկոյէն վերջ խօսք առաւ Իլ-տը-Ֆրանսի շրջանային խորհուրդի նախագահ Վալերի Փեքրէս։ Այս վերջինը եւս խօսեցաւ շրջանային կառոյցներու մակարդակով նախատեսուած համագործակցութեան եւ զանազան ծրագրերու շուրջ՝ միշտ Հայաստանի վերաբերեալ։

Խօսք առին նաեւ CCAF-ի նախագահներ՝ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան։ Այս վերջինները մասնաւորապէս ընդգծեցին ֆրանսահայ համայնքի զգայնութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին շուրջ եւ կարեւորեցին խաղաղ կարգաւորումը։

Երէկուան երեկոյթին հրաւիրուած էին նաեւ Ֆրանսայի զանազան կրօնական կամ այլ ինքնութիւններու հաւաքականութիւններէն ներկայացուցիչներ։ Այս մթնոլորտին մէջ, ամբողջ դահլիճը մագնիսացած ուշադրութիւնով մը ունկնդրեց նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի ելոյթին։ Ան յայտնեց, որ որպէս թեկնածու կատարած իր խոստումները արդէն կը վերահաստատէ՝ ընտրուած ըլլալով հանրապետութեան նախագահ։ Մաքրոն ընդգծեց, որ յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին մասնակցութիւն պիտի բերէ Փարիզի մէջ նախատեսուած ոգեկոչումներուն։ Միեւնոյն ժամանակ ան տեղեկացուց, որ կը պատրաստուի նոր նախաձեռնութիւն մը կատարել՝ որպէսզի Ֆրանսայի մէջ քրէականացուի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը։

Էմմանիւէլ Մաքրոն մատնանշեց, որ բոլորովին վերջերս Փարիզի մէջ հիւրընկալած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ յառաջիկայ Հոկտեմբերին՝ Երեւանի մէջ նախատեսուած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովէն անմիջապէս առաջ պետական այցելութիւն մը պիտի տար Երեւան։ Ընդգծելով ֆրանսահայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը՝ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտնեց, որ Փարիզի մէջ հայկական մշակոյթի եւ յիշողութեան կեդրոն մը պիտի հաստատ-ւի։ Դէպի Հայաստան իր պետական այցելութեան ընդառաջ՝ ան ֆրանսահայ ընտրանիին կոչ ուղղեց՝ որպէսզի մասնակից դառնայ Հայաստան-Ֆրանսա տնտեսական համագործակցութեան։ Արդարեւ, ֆրանսացի ղեկավարը երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան արդիւնքները պատշաճ մակարդակէ հեռու համարեց։ Մաքրոն տեղեկացուց, որ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Երեւանի գագաթաժողովի օրերուն գործարար ֆորում մը նախատեսուած է։ Ան փափաք յայտնեց, որ ֆրանսահայերն ալ մասնակից դառնան Ֆրանսա-Հայաստան տնտեսական համագործակցութեան զարգացման։ Բաց աստի, Մաքրոնի խօսքերով, Երեւանի մէջ յառաջիկային պիտի բացուի «Շարլ Ազնաւուր» կեդրոնը եւ այս մէկն ալ պիտի խթանէ զբօսաշրջութեան եւ այլ բնոյթի համագործակցութիւնը։ Մաքրոն նշեց Ֆրանսայի կողմէ գործադրուած ջանքերը՝ որպէսզի յաջողին Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ Էմմանիւէլ Մաքրոն դիտել տուաւ, որ Ֆրանսա միջնորդ երկիր մըն է։ Ֆրանսական կողմը կը փորձէ շարժման անցընել իր հնարաւորութիւնները՝ հաշուի առնելով, որ ինչ օգուտներ կրնայ բերել հիմնախդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։ Ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչներուն առջեւ Էմմանիւէլ Մաքրոն բացատրեց, որ Ֆրանսա իր ներուժը պիտի օգտագործէ խրախուսելու համար հակամարտ կողմերու ժեստերը։ Արդարեւ, ֆրանսական կողմը կը ձգտի ունենալ օգտակար դերակատարութիւն մը՝ որպէսզի կարգաւորուի այս հիմնախնդիրը։

Էմմանիւէլ Մաքրոն ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ վերաբերեալ զանազան հարցերու՝ մանաւանդ, որ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչները որոշ չափով քննադատական մօտեցումներ կ՚արտայայտէին այս առանցքին շուրջ։ Մաքրոն յայտնեց, որ Եւրոպան այսօր ընդհանրապէս ունի Թուրքիոյ կարիքը։ Ան խօսեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ իր հաստատած երկխօսութեան շուրջ։ Մաքրոն բացատրեց, որ սուր յայտարարութիւնները ընդհանրապէս կը ծառայեն ոչինչի։ Իր խօսքերով՝ Էրտողանի հետ մշակած իր երկխօսութիւնը արդէն աստիճանաբար կ՚ունենայ դրական արդիւնքներ։ Մաքրոն համոզուած է, որ պէտք է շարունակել մնալ երկխօսութեան մէջ՝ հասնելու համար աւելի գործնական արդիւնքներու։ Ան դիտել տուաւ, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ խրախուսել Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւանց պաշտպանները։ Մաքրոն յիշեցուց, որ մօտաւոր անցեալին մրցանակ մը յանձնած էր «Հրանդ Տինք» հիմնարկի ղեկավարութեան՝ «Ժաք Շիրաք» հիմնարկին կողմէ։ Մաքրոն խրախուսական համարեց նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Կարօ Փայլանի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։ Հարկ է նշել, որ երէկուան երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Կարօ Փայլան։

Էմմանիւէլ Մաքրոնի ելոյթէն վերջ, քաղաքապետ Անն Իտալկօ Կարօ Փայլանին յանձնեց Փարիզ քաղաքի մեծ մետայլը։ Այս պարգեւատրումէն վերջ, CCAF-ի համանախագահներն ալ յանձնեցին կառոյցի տարեկան պարգեւը։

Ֆրանսահայ համայնքի ընտրանիի ներկայացուցիչներուն հետ մօտաւորապէս չորս ժամ անցընելէ վերջ Էմմանիւէլ Մաքրոն հրաժեշտ առաւ դահլիճէն։ Երեկոյթի մասնակիցներու ընդհանուր տպաւորութիւնը այն էր, որ ֆրանսացի ղեկավարը հաւասարակշռուած պատգամներ փոխանցած էր եւ նոյն բնոյթով մեկնաբանութիւններով հանդէս եկած էր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Թուրքիոյ վերաբերեալ զանազան հարցերու շուրջ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

  

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2018