Գիտականէն անդին…

Գիտութեան կարգ մը ճիւղերը հետաքրքրական են՝ մանաւանդ ոչ-մասնագէտ մարդու վրայ ազդեցութեան առումով. օրինակ՝ տնտեսութիւնը կամ բժշկութիւնը։ Անոնք մէկ կողմէ ճշգրիտ գիտութիւններ կամ գիտակարգեր են, բառին բուն իմաստով նեղ-մասնագիտական շրջանակի մէջ կը տեղաւորուին, իսկ միւս կողմէ՝ այնքան մեծ զանգուածներու առօրեային հետ ուղղակի կ՚առընչուին, որ ատեն-ատեն դուրս կու գան նեղ-մասնագիտական շրջանակէն։ Համատարած ազդեցութիւնը ակամայ կը վերածուի գործօնի մը, որ կը պայմանաւորէ այդ գիտական ճիւղէն սպասումները, նաեւ անոր նկատմամբ վերաբերմունքը։ Մարդիկ որքան որ շատ առընչուին այդ ճիւղին հետ, որքան որ շատ ազդուին անկէ, այդքան համարձակութիւն կը զգան հետեւութիւններ կամ դատողութիւններ ընելու։ Տիեզերագնացութիւնը կամ մետաղագիտութիւնը, անշուշտ, կարելի չէ առօրեայի առումով նոյն հարթութեան վրայ դնել իրաւաբանութեան, բժշկութեան կամ տնտեսութեան հետ՝ առանց ստորագնահատելու իւրաքանչիւրին կարեւորութիւնը։ Յամենայնդէպս, շարքային մարդը շատ աւելի յաւակնոտ կը խօսի տնտեսութեան մասին՝ քան տիեզերագնացութիւնը։ Շատ աւելի կը վիճի իրաւաբանութեան տրամաբանութեան հետ՝ քան միջնադարագիտութեան հիմնական առանցքները։ Հակուած է աւելի ենթադրութիւններ կամ հետեւութիւններ ընել՝ քան ընկերաբանութիւնը։ Այսինքն, երբ տեսականին ու գործնականին միջեւ առօրեայի առումով հեռաւորութիւնը կրճատուի, մարդիկ կը հեռանան նեղ-մասնագիտութեան նկատմամբ երկիւղէն։

Միջազգային մետիայի հաղորդումներ այս շրջանին ակամայ դուռ կը բանան այս մասին մտածելու։ Անգլիոյ մէջ, մեծագոյն մատակարարները, որոնք հրապարակի երկու երրորդը կը պահեն ծածկոյթի ներքեւ, սկսած են կարգ մը բանջարեղէնի տեսակները իւրաքանչիւր յաճախորդի պարագային սահմանափակ քանակութեամբ, հազիւ քանի մը հատ տրամադրել իրենց հանրախանութներէն ներս։ Սպանիոյ մէջ, մեծ արտերէն կամ բանջարանոցներէն մեծաքանակ գողութիւնները ընդհանրանալ սկսած են՝ շուկայի վաճառքի սակագիներուն բարձրութեան հետեւանքով։ Ֆրանսայի մէջ, դիտորդներ մտահոգութիւն կը յայտնեն, որ գիւղատնտեսութեան կամ երկրագործութեան ոլորտի աշխատողներու տարիքային համեմատութիւնը շատ բարձր է արդէն եւ աշխատուժի ծերացումը յաջորդ քայլափոխին կրնայ սպառնալիքի մը վերածուիլ՝ արտադրական շարունակականութիւնը տագնապի մատնելով։

Գիտական կամ նեղ-մասնագիտական շրջանակներէն հնչած յորդորներուն կամ կանխատեսումներուն արհամարհումը միշտ ծանր կը նստի մարդոց վրայ ու երկարաժամկէտ հետեւանքներ կը յառաջացնէ առօրեայի տեսակէտէ։ Կլիմայի փոփոխութիւնը, բնապահպանութեան անտեսումը կամ համաշխարհային ժողովրդագրութեան ընդհանուր պատկերը միթէ նո՞ր են միջազգային օրակարգին վրայ։ Ո՛չ, անշուշտ, նոյնիսկ ունին վաղեմութիւն, բայց ի՞նչ օգուտ…

Քանի մը օր առաջ, բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է աշխարհի որեւէ երկրին համար ընելու Ուքրայնայի հետ նոյն բանը՝ եթէ մատնուի նոյն կացութեան։ Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ մարդիկ վաղուց սորված են քաղաքական գործիչներու ըսածներուն կամ յայտարարութիւններուն լրջութեամբ չվերաբերուիլ։ Լաւ, խօսքի վերաբերեալ հարցերը լուծելով մարդիկ կը յաջողին մասամբ խնայել իրենց ջիղերը։ Հապա անոնց գործե՞րը… Մասնագէտներ ահազանգ կը հնչեցնեն, որ մարդկութիւնը այս տարի տակաւին նոր պիտի զգայ Ուքրայնայի պատերազմին հետեւանքները՝ մինչ քաղաքական գործիչները զբաղած են միայն պատժամիջոցներ ու բռնամիջոցներ սահմանելով։ Գտնուա՞ծ է ձեւ մը՝ հետեւանքներէն զերծ մնալու համար։ Դժուար… Գիտութեան կամ նեղ-մասնագիտականին ցոյց տուածը աճպարարութեան ենթարկե՞լն է քաղաքականութիւնը։ Ո՞ւր մնացած է պատասխանատուութիւնը։ Միթէ ինքնաբերաբա՞ր կը հրահրուին ծայրայեղութիւնները աշխարհի վրայ…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023