Գումգաբուէն կը հասնին պառակտման լուրեր

Երբ պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը մատնուած է բորովին անորոշ կացութեան մը, առկայ փակուղիի մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն համայնքային շրջանակներէ ներս կարգ մը լսումներ մտած են շրջանառութեան մէջ։ Այսպէս, ըստ այդ անպաշտօն լսումներուն, Նախաձեռնարկ մարմինը պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ դատ բացած է պետութեան դէմ։ Ինչպէս ծանօթ է, 9 Օգոստոս 2017 թուականին Նախաձեռնարկ մարմինը եւ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Իսթանպուլի կուսակալութեան մօտ դիմում ներկայացուցած էին պատրիարքական ընտրութեան համար։ 60 օրուան սպասման ժամկէտի աւարտին Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներէն իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ յայտնած էր, որ այդ սպասման ժամկէտը կրնայ երկարաձգուիլ մինչեւ 120 օր։ Ներկայիս արդէն այդ 120 օրուան ժամկէտն ալ աւարտին հասած է, սակայն որեւէ նորութիւն կամ զարգացում չկայ այս նիւթին վերաբերեալ։ Ահա այս պղտորութեան մթնոլորտին մէջ է, որ դատ բանալու վերաբերեալ լսումները համայնքէն ներս ստեղծած են շատ լայն արձագանգ։

Ըստ մեր ունեցած լսումներուն, այս իրադարձութիւնը Նախաձեռնարկ մարմնի մնացեալ անդամներու շրջանակներէն ներս տեղի տուած է լուրջ լարուածութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ տարի Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն եղած էին ցնցիչ հրաժարականներ, մանաւանդ՝ որ ատենապետն ալ թողած էր իր պաշտօնը։ Ներկայիս, այս դատական դիմումի հարցին բերումով Նախաձեռնարկ մարմնի շրջանակներէն ներս ապրուած է նոր պառակտում մը։ Ըստ մեր ունեցած անպաշտօն լսումներուն, Նախաձեռնարկ մարմնէն հրաժարած են եւս քանի մը անդամներ։ Անոնց շարքին կը գտնուի Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու, որ փոխ-ատենապետի պաշտօն կը վարէր։ Ըստ նոյն լսումներուն, Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն դուրս եկած են նաեւ երկու հոգեւորական անդամները՝ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։

Թէ ի՞նչ կը նշանակեն այս բոլորը՝ առայժմ անշուշտ դժուար է վերջնական բան մը ըսել։ Արդարեւ, Նախաձեռնարկ մարմնին անունով արդեօք առա՞նց ընդհանուր որոշումի մը դատական դիմում կատարուած է եւ այդ հիման վրայ յառաջացած է պոռթկում մը եւ կամ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան տեղեակ եղա՞ծ է այսպիսի դատական դիմումէ մը, թէ՞ ոչ. այս բոլորը առայժմ կը մնան հարցումներ, որոնց պատասխանները յառաջիկայ օրերուն վստահաբար պիտի յստականան։

Վերոյիշեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ անդրադարձած էր 2010 թուականին լուծարուած նախորդ նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ կատարուած դատական դիմումներուն։ Ան լրագրողներուն տեղեկացուցած էր, որ իրենց տուեալներով՝ Սահմանադրական ատեանը արդէն հասած էր արձակուած դատավճիռներուն հիմնաւորումները խմբագրելու փուլին։ Այդ ժամանակ ան ըսած էր, որ շուտով այդ դատավճիռները կը հասնին եւ անոնք կրնան դրական ազդակներ հանդիսանալ այժմու գործընթացին համար։ Այդ մամլոյ ասուլիսէն վերջ որեւէ նորութիւն այս կապակցութեամբ հանրային կարծիքին չէ ներկայացուած Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ։ Մնաց որ, Նախաձեռնարկ մարմինը արդէն ի սկըզ-բանէ նախընտրած է ինքնամփոփ գործունէութիւն մը ծաւալել եւ գրեթէ չլուսաբանել հանրային կարծիքը։

Այս վերջին լսումներուն լոյսին տակ համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը վերստին կեդրոնացած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի առկայ փակուղիին վրայ։ Մօտաւոր անցեալի իրադարձութիւններուն ժամանակ յայտնի դարձած էր, որ Նախաձեռնարկ մարմնի այժմու կազմէն կարգ մը դէմքեր բացարձակապէս դէմ են այս անգամ եւս դատական դիմումներու ճանապարհով ընթանալու՝ հաշուի առնելով անցեալ անգամուան օրինակը, որ նպաստ մը չբերաւ հետապնդուած նպատակին։ Իսկ այլ անդամներ, Նախաձեռնարկ մարմնի այժմու կազմէն՝ վաղուց կողմնակից եղած են այս դատարան դիմելու այլընտրանքին։

Կ՚ակնկալուի, որ յառաջիկային այս բոլոր մանրամասնութիւնները կը պարզուին եւ մեր համայնքը տեղեակ կը դառնայ վերջին իրադարձութիւններէն։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 5, 2018