ՅԱՄԱՌՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը կը պահէ իր անփոփոխ տեղը համայնքի օրակարգին վրայ։ Հարցը թէեւ չի կորսնցներ առաջնահերթութիւնը, բայց կ՚ունենայ հետաքրքրական երանգաւորումներ։
Այսօր հարցը այնպիսի հանգրուան մը թեւակոխած է, որ ըսուելիք, խօսելիք նոր բան չէ մնացած։ Շուրջ ութ տարուան այս գործընթացին ելեւէջները, ընդհանրապէս, պայմանաւորուած կ՚ըլլային համայնքային շրջանակներու զանազան խմորումներով, այսինքն աշխարհական դասի բարձրացուցած աղմուկով։
Ներկայիս այս առումով կան կարգ մը նորութիւններ կամ յարաբերական տարբերութիւններ։ Հարցը վերջին անգամ գետի նման վարարեցաւ Կրօնական ժողովին մօտ ապրուածներով։ Արդիւնքը եղաւ այն, որ այս պահու դրութեամբ Կրօնական ժողովը չունի ատենապետ մը։
Պատրիարքական Աթոռին եւ ընդհանրապէս թրքահայ համայնքին տեսանկիւնէն առկայ կացութիւնը անբնական է։ Հաւաքական կեանքէ ներս, առ հասարակ, արտասովոր շրջանները որքան որ երկարին՝ այնքան աւելի ծանր ու դժուար յաղթահարելի կ՚ըլլան հետեւանքները։ Որքան երկար տեւեն անցումային գործընթացները, այնքան աւելի դժուար կ՚ըլլայ բնականոն վիճակի վերադառնալը։ Պատրիարքարանի պարագային ալ լիուլի ի զօրու են այս բոլորը։
Պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն այսօր ստեղծած ընդհանուր տպաւորութիւնը, անվիճելիօրէն, խիստ յատկանշական է բոլոր առումներով։ Այս գործընթացի ամենասկիզբին, դժբախտաբար, հոգեւորականաց դասուն կողմէ առնուած շարք մը անհեռատես որոշումները ըստ էութեան, պատրաստեցին առկայ վատառողջ դրութեան հիմքը։ Ի դէմս Մութաֆեան Պատրիարքի, անհատներ կուռքացնելու ուղղեալ մտայնութիւնը Պատրիարքարանը զրկեց լուծումներ արտադրելու հնարաւորութենէն եւ մեղք, որ կաթուածահարեց անոր գործունէութիւնը։ Այսօր հետզհետէ ջուրի երես կ՚ելլեն նաեւ հոգեւորականաց դասուն անհանգստութիւնները, որոնք ծնունդ կ՚առնեն Պատրիարքական Աթոռի ղեկավարման առկայ վատառողջ դրութեան հետեւանքով։ Յամենայնդէպս, խնդիրը այսքանով սահմանափակուած չէ…
Որքան որ ալ այսօրուան կարգ մը անհանգստութիւններն ու պահանջները ըլլան արդար, հոգեւորականաց դասուն անդամները չեն կրնար ձերբազատուիլ գործընթացի ամենասկիզբին գործուած սխալներու հաւաքական պատասխանատուութենէն։ Անտեղի ու յամառօրէն կուռքացուած պատրիարքի մը հեղինակութիւնը արհեստականօրէն փոխարինելու որոնումներուն մէջ, մեր հոգեւորականաց դասը յօժարեցաւ՝ որպէսզի ամբողջ բեռը մնայ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ուսերուն՝ ընդհանուր փոխանորդի կարգավիճակով։ Գործընթացը որքան որ երկարաձգուեցաւ, հոգեւորականաց դասը որքան որ պատասխանատուութենէ խուսափեցաւ, այնքան խորացան հարցերը եւ այնքան ամրապնդուեցաւ նաեւ ընդհանուր փոխանորդին դիրքը։ Չենք ուզեր ըսել, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կատարեալ գործ տեսած է կամ կը տեսնէ, սակայն արդար չէ նաեւ զինքը քաւութեան նոխազի վերածելը։ Մեր հոգեւորականաց դասուն անդամները չունին բարոյական իրաւունքը՝ իրենց իսկ թերութիւններուն պատասխանատուութիւնը անտեսելու եւ մանաւանդ ընդհանուր փոխանորդը հակազդեցութեան թիրախ դարձնելու։
Պատրիարքական Աթոռը այսօր անգլուխ հաստատութիւն մըն է։ Հեռու ամէն տեսակ զգացականութենէ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դերակատարութիւնը պէտք է կշռադատել խղճի, տրամաբանութեան եւ հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ։ Պէտք է ըլլալ իրատես եւ ընդհանուր ընթացքը դիտարկել՝ համակողմանի, բոլոր գործօններուն լոյսին տակ։
Ներկայիս, ըստ երեւոյթին, առկայ հարցի կիզակէտը հետեւեալն է. Պատրիարքարանը վերածուած է անգլուխ հաստատութեան մը։ Անգլուխ մնալու հանգամանքը չի նշանակեր, որ ան պէտք է դադրի նաեւ հաստատութիւն ըլլալէ։ Հիմա միթէ այդպէ՞ս է։ Պատրիարք մը չկայ. լա՛ւ, բայց չկայ նաեւ դիւանապետ, Կրօնական ժողովը չունի ատենապետ։ Ինչո՞ւ… Մեր համեստ կարծիքով, չափազանց միակողմանի մօտեցում մը կ՚ըլլայ այդ բոլորին պատասխանատուութիւնը լոկ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի անձին վերագրելը։ Ըստ երեւոյթին, այստեղ զգալի է պատրաստակամութեան պակաս մը։ Առկայ ընթացքով ճիշդ է, որ հարցերը պիտի բարդանան, բայց նաեւ անխուսափելիօրէն պիտի ամրապնդուի ընդհանուր փոխանորդին դիրքը՝ ըլլալով միակ դէմքը, որ չի խուսափիր յանձնառութիւններէ եւ ընդունակ է պատասխանատուութիւններ ստանձնելու։
Հետեւաբար, պոլսահայ հոգեւորականաց դասը պէտք է հնարաւորինս ազդու, արդիւնաւէտ ձեւով բանեցնէ ներքին քննադատութեան, ինքնաքննադատութեան միջոցները, սակայն պառակտման տպաւորութիւն պէտք չէ թողու մեր համայնքին վրայ։ Այլապէս, առկայ փակուղին կրնայ այնպէս մը հունէ դուրս գալ, որ ապագային ընտրուելիք նոր պատրիարքն ալ ի վիճակի չ՚ըլլար կորսուածը ետ բերելու։
Ա՞յս է մեր ուզածը։
*
Միւս կողմէ, համայնքէն ներս այս խնդիրը յամառօրէն շօշափելու հետամուտ կարգ մը շրջանակներն ալ անթաքուն ձեւով որդեգրած են զարմանալի գործելաոճ մը։ Կանխաւ ընդգծենք, որ յամառութիւնն ու հետեւողականութիւնը պէտք չէ շփոթել այս կէտին վրայ։ Վերջին օրերուն կազմակերպուած կարգ մը հաւաքոյթներէն կարելի է հետեւցնել, որ ոմանք համայնքէն ներս իրենց ազդեցութեան անհեռանկար պայքարը կը քօղարկեն պատրիարքական ընտրութեան հարցին վերաբերեալ այդ առերեւոյթ յամառութեամբ։
Այստեղ ամենացաւոտ ու նուրբ կէտերէն մին հարցի պետութեան վերաբերեալ երեսակն է։ Աւելորդ է ըսել, որ պատրիարքական ընտրութեան հարցը պիտի լուծուի Աթոռին եւ պատկան իշխանութիւններուն համերաշխութեամբ։ Պատմութեան ընթացքին միշտ եղած է այդպէս, հիմա ալ բնականաբար պիտի ու պէտք է ըլլայ նոյնը։ Եկուր-տե՛ս, որ կարգ մը շրջանակներ այսօր կարծես կը ձգտին ուղղակի միջամտութեան հրաւիրել պետութիւնը, ինչ որ խմբակային նեղ շահերու ծառայելէ դուրս օգուտ մը չի կրնար բերել։ Անոնք այդ միջամտութեան գետին պատրաստել կ՚ուզեն՝ թեկնածուներու միջեւ ուժային յարաբերակցութիւնը վերադասաւորելու համար, իսկ պետութիւնը, այս պարագային այդ ալ աշխարհավար, բացարձակապէս անկողմնակալ է։ Պետութեան շահերը այստեղ սկզբունքային են, անձերով չեն պայմանաւորուած, հետեւաբար մեծագոյն պատասխանատուութիւնը կ՚ըլլայ այս բանավէճին մէջ անոր ներգրաւումը։
Հապա մեր համայնքին շահերը… Թրքահայութեան տեսակէտէ նախընտրելի՞ է, որ Պատրիարքական Աթոռը ենթարկուի ճնշումներու։ Աղմուկ-աղաղակի հետամուտները, եթէ այդ միջամտութեան արդիւնքը ձեռնտու չըլլայ իրենց համար, այդ պարագային ալ պիտի չընդդիմանա՞ն գերակայ իրաւունքներուն համար։ Մենք կ՚ընդունինք հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու գծով Պատրիարքարանի թերութիւնները, սակայն ի՞նչ կը նշանակէ թերահաւատութիւն արտայայտել՝ Պատրիարքարանի կողմէ պետական մարմիններուն յանձնուած դիմումներուն հանդէպ։ Ո՞ւր կարելի է հասնիլ այսպէս։ Մեր համայնքի անդամներուն մօտ անհանգստութիւնը, հակազդեցութիւնը որքան որ ալ կուտակուած ըլլայ՝ այդ բոլորը պէտք չէ փորձել հունէ դուրս բերել ու մանաւանդ այդ բոլորը պատրուակելով գետին պատրաստել արտաքոյ եկեղեցիէ միջամտութիւններու եւ ի վեր այս բոլորէն յուսալ արդիւնքներ, որոնք դատապարտուած են միայն ու միայն տխուր բնոյթ կրելու։ Իսկական լուծումը այս բոլորի հաւասարակշռութեան, սկզբունքներու համադրութեան մէջ է անտարակոյս։
Պատրիարքական ընտրութեան հիմնախնդրին թղթածրարը ինքնին արդէն բարդ է։ Հետեւաբար, այդ մէկուն ազդեցութեան պայքարներու առարկայ դարձուիլը կը ծառայէ համայնքի մատնուած անելի խորացման։ Չ՚արժե՞ր քիչ մը խնայել թրքահայ հաւաքական կեանքի արդէն իսկ գունատած համայնապատկերը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 12/09/2024