Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը 95 տարեկան

Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը շաբաթավերջին թեւակոխեց իր հիմնադրութեան 95-ամեակը։ Այս յոբելեանը, ի՜նչ խօսք, շատ յատկանշական է հայ իրականութեան, հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհին տեսակէտէ։ «Ազդակ»ը սփիւռքի՝ արդէն մատի վրայ հաշուըւած օրաթերթերէն մին է, հեղինակաւոր լրատուամիջոց, արհեստավարժ մակարդակով։

Ինչպէս «Ազդակ»ի գործունէութիւնը, այնպէս ալ յոբելեանը կ՚առընչուի հայաշխարհի հրատապ օրակարգի բազում երեսակներուն հետ։ Այս օրաթերթը տասնամեակներէ ի վեր կը դասուի հայկական սփիւռքի կենսունակութեան ցուցանիշներու շարքին։ Մէկ կողմէ որպէս լրատուամիջոց՝ ան հայ իրականութեան եւ երկրագունդի վրայ բացուած պատուհան մըն է, իսկ միւս կողմէ ամուր լծակ մը՝ մայրենիով հաղորդակցութիւն կազմակերպելու, արմատներու հետ շփում ապահովելու եւ ինքնութեան գործօնը միշտ արծարծուած պահելու համար։ «Ազդակ»ը այս բոլորը յաջողած է միջինէ շատ աւելի բարձր գնահատականի մը արժանանալիք ձեւով։

Վերջին տասնամեակներուն, ինչպէս հայաշխարհի բոլոր լրատուամիջոցներու պարագային, «Ազդակ»ն ալ յաւելեալ երեսակներ աւելցուցած է իր առաքելութեան վրայ։ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն տեսակէտէ ան դարձած է կարեւոր հարթակ մը, որու վրայ կը թմբկահարուին նպատակասլաց համագործակցութեան հրամայականը պետականակերտման համընդհանուր պատասխանատուութիւնը, հասարակաց ճակատագիր մը ունենալու գիտակցութիւնով հանդերձ։ Թէեւ այս բոլորը քիչ թէ շատ հայկական բոլոր լրատուամիջոցներուն վիճակած անյետաձգելի գործ մըն է, սակայն, «Ազդակ» այդ ճանապարհին վրայ ամենափայլուն յաջողութիւնները արձանագրած օրաթերթերու շարքին է։ Ան կ՚արդարացնէ իր անունը եւ իսկապէս ազդա՛կ մը դարձած է համահայկական հարթութեան վրայ՝ համապատասխան զգայնութիւնները միահիւսած ըլլալով հայկական լրագրութեան դպրոցի պարտադրած զգայնութիւններուն հետ։

95-ամեայ յոբելեանը կ՚ենթադրէ երախտագիտութեան տուրք հատուցել այս օրաթերթի հիմնադիրներուն, անցեալի բոլոր սպասաւորներուն, սատարողներուն ու մանաւանդ՝ ընթերցողներուն, որոնց նեցուկը եթէ չըլլար, «Ազդակ» այսօր դժուար թէ իր առագաստը պարզած ըլլար դէպի դարադարձ, անկախ ամէն տեսակ զօրակցութենէ, հովանաւորութենէ կամ աջակցութենէ։ «Ազդակ»ի արդի ձեռքբերումներուն մէջ անփոխարինելի դերակատարութիւն մը ունի իր գլխաւոր խմբագիրը՝ մեր սիրելի պաշտօնակից ու բարեկամ Շահան Գանտահարեանը, որ իր տեսլականով, լրագրական հորիզոններով, յամառ աշխատանքով դարձած է մղիչ ուժ մը այս լրատուամիջոցի ոստումներուն տեսակէտէ։ Բոլոր անոնք, որոնք դոյզն իսկ շնչած են Պէյրութի մթնոլորտը, նուազագոյն պատկերացում մը ունին հայկական սփիւռքի ողնայարի անբաժանելի մասերէն լիբանանահայութեան մասին, անվարան կրնան վկայել «Ազդակ»ի դերն ու տեղը, իսկ Շահան Գանտահարեան այդ դերին ու տեղին մէջ յոբելենական այս փուլին այսօր պատուանդանի վրայ է՝ հայ լրագրողի կոչումին նկատմամբ ունեցած հաւատարմութեամբ եւ նոր ժամանակներու ոգին ու զարկերակը զգալու բարձր ընդունակութիւններով։

Յարատեւութիւն բաղձալով մեր պաշտօնակցի գործունէութեան՝ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի անձին մէջ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք «Ազդակ»ի ամբողջ ընտանիքը՝ մաղթելով, որ յոբելեանը առիթ մը դառնայ վերանորոգելու համար արտադրական յամառութիւնը եւ ամրապնդուելու համար ինքնակատարելագործման ձգտումներու բարդ ճանապարհին մէջ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 7, 2022