Նոր հարթութիւն (9)

Թուրքիա հայկական հարցի վերաբերեալ խօսոյթը վերջին տարիներուն աստիճանաբար ու շատ աւելի ընդգծուած ձեւով պայմանաւորեց տարածքաշրջանային տեսլականով մը։ Այս խօսոյթը միեւնոյն ժամանակ բանաձեւումն էր այն քաղաքականութեան, որով Անգարա-Պաքու թանտեմը հետզհետէ կը զօրանար։ Աւելի՛ն, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան այդ երեւոյթը շատ աւելի համարձակ ձեւով «կ՚արդարացնէին» յաչս միջազգային հանրութեան։ Տարածքաշրջանային տեսլականի բանաձեւումը, գործնականին մէջ, կը նշանակէր ամէն ինչ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրէն կախեալ դարձնել։ 24 Ապրիլին Սպիտակ տունէն հնչած պատգամէն վերջ Անգարայի կողմէ ցուցաբերուած հակազդեցութիւններն ալ եկան վերահաստատել այդ բոլորը։ Նախագահ Պայտընի յայտարարութեան զուգահեռ, Թուրքիա բողոքը բարձրաձայնելու ժամանակ միշտ ըրաւ Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ մատնանշումներ եւ ապագայի վերաբերեալ սպասումներու տեսակէտէ դարձեալ օրակարգի վրայ պահեց տարածքաշրջանային տեսլականը։

Ուաշինկթընի ճանաչումէն վերջ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան լայնածաւալ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ բացատրելով թրքական կողմի ամբողջ ընկալումներն ու տեսակէտները պատմութեան, քաղաքական իրադրութեան եւ այլ խնդիրներու շուրջ։ «Կը հաւատանք, թէ Ղարաբաղի խնդրի լուծումէն վերջ վերստին համագործակցութեան գետին մը ստեղծուած է», ըսաւ Էրտողան։ Սա հերթական ապացոյցն է, որ թրքական եւ հայկական կողմերու դիրքորոշումներու միջեւ անջրպետը կը մնայ առկայ, ինչ որ մօտաւոր ապագայի տեսակէտէ մեծ յոյսեր չի ներշնչեր։ Ինչպէս Պաքուն, այնպէս ալ Անգարան այժմ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծուած կը նկատեն։ Իսկ Երեւանէն յաճախ կը հնչեն յայտարարութիւններ, ըստ որոնց հիմնախնդիրը կարգաւորուած չի համարուիր։

Նախագահ Էրտողան Սպիտակ տան յայտարարութենէն վերջ տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ հեռախօսազրոյցով մը քննարկած են վերջին իրադարձութիւններու ծիրէն ներս առնուելիք հաւանական քայլերը։ Էրտողան յայտնեց, որ Ալիեւի հետ անդրադարձած է Հայաստանի հետ ստորագրուած համաձայնութեան գործադրութեան ընթացքին։ «Դուք գիտէք, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի հետ միասին լաւագոյն պատասխանը տուած ենք բոլոր անոնց, որոնք տարիներ շարունակ անլուծութիւնը պարտադրեցին որպէս լուծում։ Յառաջիկային պիտի մանրամասնենք այս շրջանակին մէջ մեր կողմէ առնուելիք քայլերը», ըսաւ Էրտողան։

Նախագահ Էրտողանի կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ մատնանշուած այս հանգամանքներուն շուրջ Թուրքիոյ մէջ քոնսենսիւս մը գոյութիւն ունի։ Արդարեւ, ընդդիմադիր շրջանակներէն եւս կարեւոր դէմքեր, որոնք դիւանագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու տեսակէտէ ունին փորձառութիւն, այս փուլին տարակարծութիւն չեն յայտներ։ Այդպիսիներու շարքին էր ՃՀՓ-ական Իւնալ Չեւիքէօզ, որ Սպիտակ տունէն հնչած յայտարարութենէն վերջ հարցազրոյցի մը ժամանակ նշած էր, որ Թուրքիա ջանքեր պէտք է գործադրէ Հարաւային Կովկասէ ներս յարաբերութիւններու բնականոնացման համար։ Ան Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ստորագրման եւ Անգարա-Երեւան ֆութպոլային դիւանագիտութեան ժամանակ պաշտօնի գլուխ գտնուած անձնաւորութիւն մըն էր։

Վերադառնալով բուն նիւթին՝ պէտք է արձանագրել, որ տասնամեակներէ ի վեր հայկական կողմը ձգտած է Թուրքիոյ հետ օրակարգային հարցերը հարթել մի առ մի, իւրաքանչիւրը միւսներէն առանձնացնելով, տարանջատելով։ Իսկ Թուրքիա հետեւած է ճիշդ հակառակ դիրքորոշման՝ հայկական կողմի հետ օրակարգային բոլոր խնդիրները իրարու հետ կապելով, իրարու ածանցելով ու միշտ կողմնակից մնալով այդ բոլորի իրարմէ կախուածութեան մէջ քննարկումին։ Նախագահ Պայտընի կողմէ 24 Ապրիլին կատարուած յայտարարութիւնը այս առումով նոր հանգոյց մըն է։ Թէեւ Պայտընի պատգամը ճամբաբաժանի մը դուռ բացած է, սակայն այժմու նոր հարթութեան վրայ հարիւր տոկոսով չէ վերացած ընդհանուր պատկերի հակասութիւնը։ Հայկական կողմը կէտի մը վրայ ունեցած է բաղձալի արդիւնք մը, ինչ որ թրքական կողմին տեսակէտէ գուցէ կը համարուի սահմանափակ կէտի մը վրայ ձախողում, սակայն ընդհանուր հաւասարակշռութիւնները դժուար թէ փոխուին այսպէսով։ Ըստ երեւոյթին, ներկայիս երկու կողմերն ալ բաւարար կամք չունին վերատեսութեան ենթարկելու իրենց դիրքորոշումները։

Այս պարագային արժեւորումները կամ հաշուարկները պէտք է ուրիշ տրամաբանութիւնով մը կատարուին։ Իւրաքանչիւր կողմ կշիռքի վրայ պէտք է դնէ վերջին տասնամեակներու իրադարձութիւնները, որոնք պատճառ դարձած են այսօրուայ համայնապատկերի ստեղծման։ Թէ ո՞վ, որքանո՞վ բաւարարուած է այսօրուան իրադրութենէն, ինչքանո՞վ շահած է ներկայ կացութենէն, պէտք է սեփական դատողութիւնը ընէ, պէտք է տայ իր իսկ գնահատականը։ Բաղդատութիւնները միշտ ալ ամուր հիմքեր կրնան ստեղծել առարկայական գնահատականներու, վերատեսութիւններու ու մանաւանդ դէպի ապագայ աւելի նպատակասլաց ընթանալու տեսակէտէ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021