Տողատակի պատգամներ

Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան հարցին շուրջ Գումգաբուի կողմէ հրապարակուած այժմու պաշտօնական դիրքորոշումով մեր համայնքը նոր պատրիարք մը ընտրելու համար պէտք է սպասէ մինչեւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանին։ Անցեալ տարուան ալեկոծեալ ժամանակաշրջանէն վերջ որդեգրուած կամ պաշտօնապէս յայտարարուած դիրքորոշումը այսպէս է։ Յամենայնդէպս, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի երէկուան ելոյթին ընթացքին կային տողատակի հետաքրքրական պատգամներ։ Այդ բոլորը հետաքրքրական եւ ուշագրաւ էին նաեւ այն առումով, որ մօտաւոր անցեալին Եշիլգիւղի մէջ կազմակերպուած նման ձեւաչափով հաւաքոյթի մը ընթացքին ալ ընդհանուր փոխանորդը տողատակերուն ակնարկած էր այդ հաւանականութիւններուն։ Երէկուան ելոյթին ժամանակ քանի մը անգամ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան առաջին տպաւորութիւնով հակասութեան նշանակութեամբ արտայայտութիւններ ունեցաւ։ Իր կանգ առած կէտերուն տրամաբանական շարունակութիւնը պիտի ըլլար ուղղակիօրէն այս խնդիրը, սակայն ան չփափաքեցաւ խորանալ։ Տանք օրինակներ.

ա- Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ պետութիւնը յարմար դատած է՝ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին սկիզբ տալու համար վերադառնալ տեղապահի ընտրութեան նախորդող վիճակին։ Եւ այսօր այդ վիճակը վերահաստատուած է։

բ- Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նշեց, որ Պատրիարքական Աթոռի եւ պետական իշխանութիւններու յարաբերութիւնները հետզհետէ կը վերագտնեն իրենց բնականոն հունը։

գ- Ընդհանուր փոխանորդը երէկ երեկոյեան ընդգծեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ըմբռնումով կը մօտենայ մեր Պատրիարքական Աթոռի վիճակին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը կը յորդորէ ջանքեր գործադրել համոզելու համար պետութիւնը՝ պատրիարքական ընտրութեան իրականացման նպատակով։ Այս արտայայտութիւններէն վերջ ան աւելցուց, որ այդպիսի ջանքեր կը գործադրուին։ Ան մէջբերեց նաեւ միջոց մը առաջ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ժամանակ ընդգծած հանգամանքներէն մին, ըստ որու Պատրիարքական Աթոռը համազօր կը դասէ թէ՛ պետութեան եւ թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ակնկալութիւնները։

Վերոյիշեալ բանաձեւումները, մեր ենթակայական դիտարկումով, տողատակի կարեւոր պատգամներ կը բովանդակեն պատրիարքական ընտրութեան ի վերջոյ հասնելու համար։

*

Այս նիւթին առընթեր երէկուան հաւաքոյթին կապակցութեամբ պէտք է մատնանշել նաեւ էական ուրիշ երեւոյթ մը։ Արդարեւ, երէկուան երեկոյթին ներկայ գտնուեցան մեր համայնքէն կարգ մը անդամներ, որոնք ընդհանուր փոխանորդի ընդդիմախօսներն են եւ ընկերային ցանցերու վրայ զինքը կը հրաւիրեն հրաժարելու։ Ունկնդիրներու շարքին կային նաեւ դէմքեր, որոնք ընդհանուր փոխանորդի բուռն ընդդիմախօսներու անմիջական մերձաւորներն են։ Այս երեւոյթը համայնքէ ներս առողջ մթնոլորտ մը ստեղծելու տեսակէտէ շատ կարեւոր նախադրեալ մըն է։ Իսկապէս գնահատանքի արժանի են մեր համայնքի այն անդամները, որոնք ընդհանուր փոխանորդին դէմ ընդդիմադիր հայեացքներ ունենալով հանդերձ՝ հասունութեամբ ու հանդուրժողութեամբ ունկնդրեցին անոր տեսակէտները։ Սա եւ միւս մերձաւորներու վերաբերեալ պարագան ակնյայտ ապացոյց մըն է, որ իրականութեան մէջ մեր համայնքի անդամները այս բարդ գործընթացին կը հետեւին ազատ խիղճով, պատրաստակամ են բոլոր կողմերու կարծիքները լսելու եւ ըստ այդմ կողմնորոշուելու։ Երէկուան պատկերը յատկանշական էր, որովհետեւ այնտեղ բիւրեղացաւ, որ ոեւէ անձի կամ որեւէ շրջանակի մենաշնորհը չէ մեր համայնքի կողմնորոշումը։ Մարդիկ կ՚առաջնորդուին իրենց դատողութեամբ։

Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան համբերատար այս գործընթացին մէջ այս բոլորը կը համարուին կենսական՝ բեւեռացումներէ խուսափելու եւ պաղարիւն զօրակցութեան պայմաններ ձեւաւորելու համար։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 9, 2018