Եւ հիմա… (2)

Արցախի երկրորդ պատերազմը ծանր հետեւանքներուն առընթեր, հայութեան օրակարգին վրայ բերաւ բազում հարցականներ։ Պատերազմի հետեւանքները տարաբնոյթ են։ Մէկ կողմէ անծայրածիր ժամանակներու տեսակէտէ մարտահրաւէրներ, իսկ միւս կողմէ օրհասական հարցեր։ Հարցումները, նոյնպէս, մէկ կողմէ անծայրածիր ժամանակներու համար, իսկ միւս կողմէ այժմու բարդ պահէն ծնունդ առած մշուշին մէջ կողմնորոշուելու համար։

Աւելի քան քսան տարի հայկական կողմը Արցախի պարագային ստեղծուած կարգավիճակը անխափան պահպանելէ յետոյ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ենթարկուեցաւ 44-օրեայ պատերազմին։ Կարելի՞ էր արդեօք կանխել Արցախի երկրորդ պատերազմը կամ զայն կանգնեցնել խելամիտ որեւէ հանգրուանի մէջ։ Պատերազմին որպէս հետեւանք ծնունդ առած քաղաքական տագնապը յաղթահարելու համար Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ արտահերթ ընտրութիւն։ Արդեօք անոր արդիւնքները յոյս կը ներշնչե՞ն տագնապը յաղթահարելու համար։ Այժմ Հայաստան ի՞նչ պէտք է ընէ, որպէսզի կայուն անվտանգութեան եւ ապահովութեան հասնի՝ որպէս պետութիւն։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ ուղղակի յարաբերութիւններու հաստատման հեռանկարները ի՞նչ կրնան բերել երկրին։ Այսօր ստեղծուած համայնապատկերը երկարաժամկէտ ի՞նչ լուծում կրնայ ենթադրել Արցախի հիմնախնդրին համար։ Այս բոլոր հարցերուն մէջ դեր մը, ազդեցութիւն մը կրնա՞յ ունենալ սփիւռքը։ Ու տակաւին ի՞նչ երաշխիքներ կրնան ստեղծուիլ, որպէսզի հայկական շահերը հնարաւորինս յառաջ տարուին եւ Հայաստան կարողանայ բանակցիլ կարելի չափով ամուր դիրքերէ։

Այս հարցականները մէկ կողմէ տեսական են, իսկ միւս կողմէ նոյնքան գործնական։ Անոնց հաւանական պատասխաններուն վերաբերեալ որոնումը հնամենի ժողովուրդի մը եւ անոր պետութեան ճակատագիրը պիտի բնորոշէ։

Այդ պատասխանները դէպի ապագայ ճանապարհին վրայ կրնան բանալիներ մատուցել, եթէ հաւաքական դատողութեան տեսակէտէ կարելի ըլլայ հասնիլ պաղարիւն եւ իրատես արդիւնքներու։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 9, 2021