ԿԱՌՈՒՑԵԼ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հիւրընկալեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանին։ Դամասկոսի ղեկավարութիւնը այս փուլին կը շեշտէ, որ շահագրգռուած է Մոսկուայի հետ կառուցել նոր համագործակցութիւն մը՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի վրայ։
«Այսօր մենք կը ներկայացնենք նոր Սուրիան եւ, ի հարկէ, շահագրգռուած ենք մեր երկիրներու միջեւ ճիշդ համագործակցութիւն եւ յարաբերութիւններ հաստատելով։ Ներկայ ժամանակաշրջանը լի է տարբեր մարտահրաւէրներով ու սպառնալիքներով, բայց, սա նաեւ հնարաւորութիւն մըն է՝ միասնական ուժեղ Սուրիա մը կառուցելու համար։ Ի հարկէ, մենք շահագրգռուած ենք, որպէսզի Ռուսաստան մեզի հետ ըլլայ այս ճանապարհին», ըսաւ Էսատ Շէյպանի։
Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսաստան ուշադրութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ այժմու անցումային ժամանակաշրջանի գործընթացներուն։ Մոսկուայի մաղթանքն է, որ առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարուին եւ լիովին կարգաւորուի իրադրութիւնը։
Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնեց, թէ Սուրիոյ նախագահը պիտի կարողանայ մասնակցիլ՝ Ռուսաստան-Արաբական պետութիւններու լիկա առաջին գագաթաժողովին, որ նախատեսուած է յառաջիկայ հոկտեմբերի 15-ին։