Կիրակի 3, Օգոստոս 2025
ԴԷՊԻ ԱՓՐԻԿԷ ՆՈՐ ՔԱՅԼԵՐ
Թուրքիա հետեւողականօրէն կը շարունակէ Ափրիկէի ուղղեալ նախաձեռնութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Կապոնի նախագահ Պրիս Քլոթէր Օլիկուի Նկուէման։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան հիւր ղեկավարը ընդունեց պետական բարձր արարողակարգով։ Այս առթիւ Թուրքիոյ եւ Կապոնի միջեւ ստորագրուեցաւ ութ համաձայնագիր՝ ռազմական կրթութեան ու համագործակցութեան, նաեւ ուժանիւթի ոլորտներուն շուրջ։ Հիւր ղեկավարը նշեց, որ Էրտողանի հետ հանդիպումը եկած է վերահաստատել, թէ երկկողմանի յարաբերութիւնները գերազանց են։
Ուրբաթ, Օգոստոս 1, 2025