ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Անգարայի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը այս շրջանին անշեղ ուշադրութեամբ հետամուտ են՝ «Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» գործընթացի նպատակներուն։ Երէկ, այս առումով կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս։ Այսպէս, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր եւ ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն մէկտեղուեցան եւ անոնց տեսակցութենէն դրուագ մը հրապարակուեցաւ պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ։
Թէեւ պաշտօնական հրապարակումներուն մէջ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած, սակայն, այս ժամադրութիւնը անմիջական ուշադրութեան արժանացած է՝ հաշուի առնելով երկրի այժմու իրադրութիւնը։
«CNN Türk»ի հաղորդումներով, «Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» նպատակին ու ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան զինաթափման գործընթացին շուրջ իրավիճակը արժեւորուած է երեք բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ։