ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Ապու Տապիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացէն ներս ամենաբարձր մակարդակի վրայ կազմակերպուած հերթական ժամադրութեան ընդառաջ Ուաշինկթընէն հնչած էին դրական պատգամներ եւ բարձրաձայնուած՝ լաւատես ակնկալութիւններ։ Զրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարներու կողքին էին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնք յաճախ հրապարակումներ կ՚ընեն խաղաղութեան գործընթացին շուրջ։ Փաշինեանի կողքին էր փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, իսկ Ալիեւի կողքին՝ փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ։ Ծանօթ է, որ անոնց գլխաւորութեամբ աշխատանքներ յառաջ կը տարուին՝ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման համար։ Ներկայ էին նաեւ արտաքին գործոց նախարարները՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով։ Հանդիպման ընթացքին Փաշինեանի կողքին էին նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ, միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցային գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչն է։ Ալիեւի հետ էին նաեւ իր աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ եւ խորհրդականներէն Էլչին Էմիրպէյով։

Ղեկավարներու զրոյցի սկիզբին զուգահեռ՝ Փաշինեանի բանբեր Նազելի Պաղտասարեան տեղեկացուց, թէ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի շրջանակներէն ներս։

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ՝ անոնց շփումներուն տեսակէտէ ո՛չ այնքան սովորական վայրի մը մէջ։ Յամենայնդէպս, այս շփումը ո՛չ Արեւմուտքի եւ ոչ ալ Ռուսաստանի կամ անոր ազդեցութեան գօտիին մէջ նախատեսուած է։ Այս օրուան հանդիպման ընդառաջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ յոյս յայտնած էր, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շատ շուտով խաղաղութեան համաձայնագիր կը կնքուի։ Ի շարունակութիւն, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Թեմի Պրիւս յայտնեց, որ Մարքօ Ռուպիոյի կողմէ այդ յայտարարութիւնը պատահաբար չէ կատարուած։ Բանբերին խօսքով՝ Ռուպիօ այդ յայտարարութիւնը ընելու համար պատճառ ունեցած է։

Բաց աստի, Ապու Տապիի այս օրուան տեսակցութենէն օր մը առաջ, երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ազիզ Նասիրզատէի հետ՝ շօշափելով միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր, նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը։

Միւս կողմէ, երէկ, Փաշինեան Ապու Տապիի մէջ ընդունուեցաւ այս բանակցութիւններու հիւրընկալ երկրի՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մուհամմէտ պին Զայիտ էլ Նահիանի կողմէ։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային օրակարգի հարցերու շուրջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 10, 2025