«ՑՏԵՍՈՒԹԻՒՆ՝ ԹՈՒՂԹԷ ՄԱՄՈՒԼԻՆ…»
Շաբաթ օր էր: Ըստ սովորութեան՝ օրուան հեւքէն հեռու սենեակս քաշուած, սանկ անկիւն մը նստած, չեմ գիտեր որքան ատենէ ի վեր երբ կը թղթատէի համակարգիչիս կայքէջերուն վրայ «փռուած» եւ տարածուած հայ մամուլին տեղաւորած էջերը, յանկարծ աչքերս կեդրոնացան Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագրականին վրայ: Ու լռութեամբ, քանի մը անգամ, կարդացի անոր սիւնակները: Ու իբրեւ եզրակացութիւն-ամփոփում՝ թէեւ «Հայրենիք»ը մէկ կողմէ ցտեսութիւն կ՚ըսէր տպագիր իր տարբերակին, սակայն միւս կողմէ ալ մտահոգ միտքերուն համար, «կծիկը քակուիլ սկսած է»:
Ահա քեզի նորութիւն: Արդ՝ իբրեւ նորութի՞ւն պէտք է ընդունիլ, թէ ոչ՝ ժամանակէ մը ի վեր ծրագրուածն ու սպասուածը: Բայց ի՜նչ որ ալ ըլլայ «Հայրենիք»ի այդ նոր տարբերակը, ան հաստատօրէն հարազատ արդիւնքն է համաշխարհային արդի արհեստագիտութեան տեսանելի եւ նոյնքան ալ այրող ու ծանր իրականութեան:
Ու անկեղծօրէն պէտք է նաեւ յիշել, որ տպագիր մամուլին, ինչպէս նաեւ տպագիր գիրքին համն ու հոտը բոլորովին տարբեր են առցանցէն: Որովհետեւ, հո՛ն, անոնց էջերը, սիւնակները, տողերն ու աչքիդ առջեւ փռուած յօդուածները, կարծես ջերմօրէն եւ հարազատ, քեզի հետ կը խօսին ու անոնց վրայ, աչքերուդ տողանցումի արձագանգը կը հասցնեն մինչեւ սրտիդ:
Եզրակացնեմ.- 1899-էն ի վեր տպագիր լոյս տեսնող «Հայրենիք»ը, որ աւելի քան մէկ դար ու քառորդ հայ կեանքէն ներս իբրեւ ապրող եւ ապրեցնող մամուլ, ցտեսութիւն կ՚ըսէր տպագիր իր վիճակին ու կը դառնար առցանց: Միտքս առաւել հաստատելու եւ յստակացնելու համար, կը մէջբերեմ նոյն խմբագրականէն քանի մը պարբերութիւն…
«Ե-«Հայրենիք»էն՝ ցտեսութիւն թուղթին…»
……Այո՛. Ժամանակի թաւալումին հետ, «արդի»ի հասկացութեան նորովի մեկնաբանութեամբ եւ պարտադրանքով՝ պիտի մոռնանք նա՛եւ տպագիր թերթը՝ իր դարաւոր նկարագիրով:
……Դժուար եւ յիշատակելի պիտի ըլլայ մեր այս սիւնակը, որ ուղղուած է մեր ընթերցողներուն՝ առ ի տեղեկութիւն, յայտարարութիւն, եթէ կ՚ուզէք՝ ձեւով մը մխիթարանք: Աւելի յստակ բառերով՝ ասիկա մեր վերջին խմբագրականն է, որ թուղթին վրայ տեղադրուած, ապա տպարան առաքուած, հրատարակուած եւ բաժանորդներուն հասցէագրուած է:
……Այլ խօսքով, ասիկա «Հայրենիք»ի վերջին տպագիր համարն է, որ թուղթի վրայ լոյս կ՚ընծայենք: Յուլիսէն սկսեալ, մեր թերթը պիտի գործէ առցանց դրութեամբ, իր կայքէջով եւ ե-նամակային առաքումներով։ Այսինքն՝ «Հայրենիք»ն ալ ցտեսութիւն կըսէ տպագիր տարբերակին:
……Դրդապատճառները շատ են։ Անշուշտ, կարեւորագոյններէն է թուղթի, մելանի եւ տպարանային ծախսերու հետեւողական եւ աներերեւակայելի բարձրացումը։
……Այս բոլորով հանդերձ, ունինք նաեւ աւետիսի իմաստով տեղեկութիւն մը. թուղթն ու մելանը վերջնականապէս պիտի չմոռնանք, այլ եռամսեայ դրութեամբ լոյս պիտի ընծայենք գունազարդ բացառիկ թիւեր, որոնք ցարդ լոյս կ՚ընծայէինք փոքրաթիւ պարբերականութեամբ (ամանոր կամ ազգային տօներ…)։
Արդ, ի՞նչ ըսել կու տան մեզի այս բոլորը: Թէեւ կ՚ըմբռնենք, բայց չենք կրնար հաշտուիլ: Վայրկեանին արդէն հազարաւոր մտքեր կ՚անցնին ուղեղէդ: Այս մեզի հրամցուածը, նոր որոշում մը ըլլալով հանդերձ նաեւ ընթերցողին ապագային նայելու հազար «բան» ըսել կու տայ: Խոր մտածել ալ կու տայ:
Որովհետեւ… նորութիւն մը չէ… մեր ապրած այս աշխարհը, այլեւս բաց գիրք մըն է բոլորիս համար: Ամէն մարդ կրնայ զայն կարդալ եւ իր մատներով թղթատել: Այլեւս, չկայ հեռու կամ մօտ, իմս կամ քուկդ: Ուստի, կարճամտութիւն է խօսիլ անոր առարկայական պայմաններու մասին:
Ըսի՛, սակայն նաեւ կ՚ուզեմ կրկնել.- աշխարհը սկսած է փոխուիլ: Մարդոց երազները նոր գոյներ ստացած են: Հինը կամաց-կամաց կը քանդուի նորին համար: Ու իր կարգին մեր այս աշխարհն ալ կ՚երթայ իր իսկ ձեռքով ստեղծած հոսանքէն քշուելով: Հոն տագնապները շատ են: Տեսանելի են: Ու այս տագնապները եւ անոնցմէ բխող պոռթկումներն են, որոնք կը պրկեն մեր հոգեկան վիճակը: Որովհետեւ կեանքն ու իր դէպքերը, սկսած են վազել ճակատագրի ետեւէն:
Բան մը արդարցնելու ճիգ մը չէ այս գրութիւնը:
Յստակ է, թէ մարդկութիւնը այլափոխուած է: Նոր դարաշրջան մըն է, որ կ՚ապրինք: Ահա թէ ինչո՞ւ մեր ինքնութեան պահպանումի կարօտը ունինք. ամէն տեղ: Այս է 21-րդ դարու մեր կեանքը, ուր մարդկութիւնը ներկայիս ուրիշ պաշտամունք ունի: Հին «ձեւը» կամ «ձեւերը», բաւարարութիւն չեն տար նոր սերունդին: Զինք չեն հետաքրքրեր: Միւս կողմէ ալ, շնորհիւ նոր գիւտերու, թուղթէ մամուլը իր կարողականութիւնն ու իր հետաքրքրութիւնը սկսած է կորսնցնել: Նոյնիսկ արդէն կորսնցուցած է: Զիրար չխաբենք: Ու աշխարհի մամուլն ալ իր կարգին կը հետեւի կամ աւելի ճիշդ կ՚ըմբռնէ հասարակութեան ներկայ կեանքի պահանջները: Ահա այս տեսարանը… որ հարազատ պատկերն ու արդիւնք է այսօրուան նոր գիտութեան:
Հիմա հարց է, թէ այս նոր «ձեւը», մեր գիտակցութեան մէջ ի՞նչ ձեւեր պիտի կարողանայ ստանալ կամ կրնայ ստանալ: Կը կարծեմ, որ մեր գիտակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ ապրեցնել այս նոր որդեգրումէն ծնունդ առած նաեւ մեր բոլորին «Հայրենիք»ը: Կարեւորը, այս նոր որդեգրումով «Հայրենիք»ին մեզի հրամցուցածները, մեր ընթերցումներով սողան մեր մտքերուն մէջ: Կարեւորը՝ ընթերցել եւ տարածելն է:
Էականը, այս օրերուն, կը կարծեմ անպայման ժամանակի ձայնը լսելն է: Այս կը նշանակէ նաեւ՝ բարգաւաճ պահել հայ միտքը:
Որովհետեւ… հանդարտ անկեղծութեամբ ըսեմ.- աշխարհը կը թեւակոխէ նոր հանգրուան մը: Անոր համար հետզհետէ ամէնօրեայ անակնկալներով եւ նորութիւններով լեցուն մեր կեանքը սկսած է ծանրանալ: Փոխուած են նաեւ մարդոց ապրելու, մտածելու եւ գոյատեւելու պայմաններն ու ժամանակները:
Չմոռնանք… նոյնիսկ մեր ազգային կեանքի հոլովոյթն ալ սկսած է բարդանալ: Դժուարանալ: Ծանրանալ:
Գիտենք ,որ ամէն մարդ, կամ ամէն ազգ ունի իր իւրայատուկ ոճը ապրելու եւ գոյատեւելու: Ուստի, պէտք է տեսնենք իրականութեան արտաքին եւ ներքին երեւոյթները: Կարեւորը՝ մեր գիտակցութիւնը չմարի: Կարեւորը՝ մեր հոգեկան բովանդակութիւնը հարուստ պահելն է: Ուստի, պէտք է ստեղծել յատուկ մթնոլորտ եւ հետեւիլ կեանքի նոր խաղերուն: Պէտք է ըմբռնել, ե՛ւ հասկնալ, ե՛ւ ընդունիլ նոր այս իրավիճակը ու այս բոլորը՝ թուաբանական պաղ հաշիւի նման:
Իսկ եթէ ներկայ իրավիճակը չենք հասկնար, այդ մէկը ցոյց կու տայ կեանքը դիտելու եւ լաւապէս հասկնալու մեր անկարողութիւնը:
«Հայրենիք»ը, մեր բոլոր հայ մամուլի ներկայացուցիչներուն նման, ծնած է եւ կոչուած՝ իր հին կամ նոր իրավիճակով, կամրջելու մեր անցեալն ու ապագան, հինը նորին, աջը ձախին, եւ յոյսի ու լոյսի ծիածանով կամարելու համայն աշխարհի հայ ընթերցողներուն հայ հոգիները:
Մեզի կ՚իյնայ «Հայրենիք»ը իր առցանց այս նոր հանգրուանին միշտ ընթերցելով եւ տարածելով, նաեւ քաջալերելով ու գուրգուրալով զինք բարգաւաճ դարձնել:
Արդ, մեր բարի երթ մաղթանքին, նաեւ ուժ եւ կորով առցանց «Հայրենիք»ի խմբագրին եւ բոլոր աշխատակից-ծառայողներուն:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ