ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ Կ՚ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՄԱԺԱՄԱՆԱԿԵԱՅ ԵՂԱՆԱԿՈՎ»
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա կ՚ողջունէ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի ծիրէն ներս առնուած քայլերը։ Ըստ Էրտողանի՝ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններն ալ ողջունելի կը համարուին Անգարայի տեսակէտէ։
Նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին Ատրպէյճանի մէջ մասնակցեցաւ Յաղթականի օրուան առթիւ կազմակերպուած արարողութիւններուն։ Վերադարձին, օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ան ըսաւ. «Հարաւային Կովկասէ ներս, աւելի քան 30 տարիէ ի վեր շարունակուած անկայունութեան մթնոլորտէն վերջ, մշտական խաղաղութեան եւ անդորրութեան համար հնարաւորութեան պատուհան մը բացուած է։ Խաղաղութեան գործընթացին ամենակարճ ժամանակի ընթացքին աւարտին հասնիլը՝ պատերազմի մէջ յաղթած Ատրպէյճանը ի յայտ պիտի բերէ նաեւ՝ որպէս տարածաշրջանի խաղաղութեան ճարտարապետը»։
Բաց աստի, Էրտողան լրագրողներու նկատառման յանձնեց, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կ՚իրականացնէ՝ Ատրպէյճանի հետ համաժամանակեայ եղանակով։
Միւս կողմէ, հաղորդակցութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլուն ալ շաբաթավերջին յայտնեց, որ Անգարա Պաքուի հաւանութեան պարագային կրնայ կազմակերպել՝ Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի ձեւաչափով հաղորդակցութեան նախարարներու հանդիպում մը։
Նախարար Ուրալօղլու աւելցուց, որ Զանգեզուրի միջանցքի նախապատրաստական աշխատանքները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ եւ Թուրքիա իրականացուցած է լայնածաւալ համակարգուած աշխատանք Ատրպէյճանի հետ։