ՄԵԾՆ ԱԹԱԹԻՒՐՔԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 87-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԸ
Այսօր բովանդակ Թուրքիան հերթական անգամ կ՚ոգեկոչէ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը։ Իր մահուան 87-րդ տարելիցին առթիւ ամբողջ երկիրը կը խոնարհի անոր անանց յիշատակին առջեւ ու կը վերանորոգէ անսահման երախտագիտական զգացումները։
Երբ Հանրապետութիւնը արդէն իր գոյատեւման երկրորդ դարուն մէջ կը ճանապարհորդէ, բովանդակ Թուրքիա կը վերանորոգէ իր վճռակամութիւնը հաւատարիմ մնալու համար Մեծն Աթաթիւրքի թողած աւանդին եւ հետեւելու համար անոր սկզբունքներուն, որոնք գրաւականը կը հանդիսանան երկրի միասնականութեան, ամբողջականութեան ու վերելքին։
Մեծն Աթաթիւրքի աւանդը պետութեան յարատեւութեան ճանապարհին վերանորոգ գիտակցութիւն մը կ՚ենթադրէ, որպէսզի Թուրքիա կարենայ գերազանցել անոր իսկ սահմանած յաւակնոտ նշաձողերը բոլոր բնագաւառներուն մէջ։