ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՆԱԽԱՐԱՐ

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրամանագրերուն հիման վրայ՝ Նախարարաց խորհուրդի կազմին մէջ տեղի ունեցան փոփոխութիւններ։ Այսպէս, կառավարութենէն ներս արդարադատութեան նախարարի եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնները յանձնուեցան նոր անուններու։

Արդարադատութեան նախարար նշանակուեցաւ 44-ամեայ Աքըն Կիւրլէք, որ նախապէս փոխ-նախարարի պաշտօն վարած էր, իսկ վերջին շրջանին Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազի պաշտօնը կը վարէր։ Աքըն Կիւրլէք այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Եըլմազ Թունչին։

Ներքին գործոց նախարար նշանակուեցաւ 56-ամեայ Մուսթաֆա Չիֆթչի, որ Էրզրումի կուսակալն էր։ Չիֆթչի այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Ալի Երլիքայային։

Նշանակումներու պարագային երկու նախկին նախարարներն ալ խնդրած են բաւ համարել իրենց պաշտօնավարութեան շրջանը եւ այդ հիման վրայ նախագահ Էրտողան կատարած է նոր նշանակումները։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 11, 2026