ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԵՒ ԱՄՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Ատրպէյճան դարձան ռազմավարական գործընկերներ։ Համատեղ փաստաթուղթը երէկ ստորագրուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի կողմէ։ Այս վերջինը դէպի Երեւան պաշտօնական այցելութենէն վերջ անցաւ Պաքու, ուր եւս հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Պաշտօնական դիմաւորման արարողութենէն վերջ, Ալիեւ եւ Վենս ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Ի շարունակութիւն՝ Պաքուի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ստորագրուեցաւ՝ ռազմավարական գործընկերութեան ուղղեալ փաստաթուղթը։ Հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ կատարուած ստորագրման արարողութենէն վերջ Ալիեւ յայտարարեց, որ աշխարհի ամենահզօր երկրին հետ ռազմավարական գործընկերութիւն մշակելը իրենց համար մեծ հպարտութիւն մըն է։ «Այլեւս խաղաղութեան մէջ կ՚ապրինք ու կը սորվինք խաղաղութեան մէջ ապրիլ», ըսաւ Ալիեւ՝ շեշտելով, որ այդ խաղաղութեան կարեւոր արդիւնքներէն մին է TRIPP նախաձեռնութիւնը։
Ճէյմս Տէյվիտ Վենսը հիւրընկալելու ժամանակ Ալիեւ շեշտեց, որ Ատրպէյճան այսօր աշխարհի տասնվեց երկրի ուժանիւթի անվտանգութեան կը նպաստէ եւ այդ տասնվեց երկիրներէն տասնմէկը ՆԱԹՕ-ի դաշնակից է։