ՏՈՒՇԱՆՊԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Տուշանպէի մէջ, ուր անոնք մասնակցեցան ԱՊՀ-ի գագաթաժողովին, որ կազմակերպուած էր Տաճիկիստանի հիւրընկալմամբ։

ԹԱՍՍ ռուսական գործակալութիւնը՝ յենլով ԱՊՀ-ի ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւի կողմէ փոխանցուած բացատրութիւններուն՝ տեղեկացուց, որ վարչապետն ու նախագահը շփուած են շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Անոնք քննարկած են զանազան հարցեր, թէ ինչպէ՛ս ապագային յառաջ պիտի շարժուին խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ճանապարհով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2025