ԱՐԱՂՉԻ-ՊԱՅՐԱՄՈՎ ԶՐՈՅՑ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցան Պաքուի մէջ։ Նախարարները խորհրդակցեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ Թեհրանի եւ Պաքուի քաղաքականութիւններու թէ՛ ընդհանրութիւնները եւ թէ տարաձայնութիւններն ու թիւրըմբռնումները արծարծուեցան։ Արաղչի յայտնեց, որ տարաձայնութիւնները պէտք է հարթուին երկխօսութեան միջոցաւ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տարածաշրջանային անվտանգութեան ամբողջին մէջ Արաղչի անդրադարձաւ՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» դրութեան։ «Հիմնական իմաստը այն է, որ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը պէտք է ապահովեն տարածաշրջանի երկիրները։ Որեւէ կողմէ՝ որեւէ արտաքին միջամտութիւն վնասակար կ՚ըլլայ անվտանգութեան համար», ըսաւ Արաղչի՝ աւելցնելով, որ Իրանն ու Ատրէյճանը այս հարցին շուրջ համամիտ են։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2025