ԵՒՐՈՊԱՆ ՈՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԱՍԻԱՆ ԿԱՊԵԼՈՒ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿՐՆԱՅ ՈՒՆԵՆԱԼ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ TRIPP նախագիծը ունի լիարժէք ներուժ Միջին միջանցքի կարեւոր բաղադրիչներէն մին դառնալու համար։
Փաշինեան Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման օրակարգին անդրադարձաւ զանազան հաւաքոյթներու ընթացքին։ Այցելութեան սկիզբին մայրաքաղաք Պերլինի մէջ, իսկ երէկ՝ եզրափակիչ փուլին, Համպուրկի մէջ ան խօսեցաւ այս մասին։
Գերմանիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու ընկերակցութեան մէջ ան շեշտեց, որ Թուրքիա-Հայաստան հաղորդակցութեան բացումն ու TRIPP-ը ունին լիարժէք ներուժ՝ Միջին միջանցքի կարեւոր բաղադրիչներէն մին դառնալու եւ Եւրոպա-Հարաւային Կովկաս-Կեդրոնական Ասիա ուղղութեան վրայ անխափան կապ ապահովելու։ Այս ամբողջին մէջ ան մատնանշեց, որ Անգարա-Երեւան շփումները աշխուժացած են։ Փաշինեանի համոզմամբ՝ Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորումը, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութիւնը, TRIPP նախագիծը, Վրաստանի եւ Իրանի հետ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բարիդրացիական յարաբերութիւնները, Ռուսաստանի հետ շինիչ երկխօսութիւնը կրնան Հարաւային Կովկասը դարձնել ամենագրաւիչ տարանցիկ միջանցքներէն մին՝ Հիւսիս-հարաւ եւ Արեւելք-արեւմուտք երթուղիներուն հետ։
«Հայաստանի տեսլականը՝ խաղաղութեան հաստատութենականացման, տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան եւ Եւրոմիութեան համարկման շուրջ» խորագրեալ հաւաքոյթի ընթացքին Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստան պատրաստ է արդէն այսօր իսկ թոյլ տալու իր տարածքով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարանցիկ բեռնափոխադրութեան։ Փաշինեան նման պատգամներ տուաւ նաեւ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի կեդրոնին եւ «EUREF Campus Berlin» թեքնոբանական կեդրոնին մէջ։ Համպուրկի Առեւտուրի պալատի երդիքին տակ ալ, գործարար շրջանակներէ ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը ունեցաւ՝ Եւրոպան ու Ասիան կապելու գործին մէջ Հայաստանի ռազմավարական դերակատարութեան ուսումնասիրման շուրջ։ Մատնանշուեցաւ, որ Հայաստանէն Գերմանիա արտածման ծաւալը աւելի քան 80 տոկոս աճած է։ Երեւանն ու Պերլինը համաձայնութեան հասած են՝ ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ։
Այցելութեան ընթացքին Փաշինեան կարեւոր պատգամ մըն ալ ուղղեց Պաքուին։ Այսպէս, ան առաջարկեց զուգահեռաբար փակել Ղարաբաղի հայերու վերադարձի եւ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի նիւթերը։
Գերմանիա այցելութիւնը աւարտելէ վերջ Նիկոլ Փաշինեան ուղեւորուեցաւ Ռուսաստան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Մոսկուայի մէջ ան կը մասնակցի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի նիստին։