ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ՝ ՊԵՏԱԿԱՆ ԲԱԶՄԱՁԱՅՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը այս կիրակի ելոյթ մը պիտի ունենայ Անգարայի մէջ՝ Համաշխարհային երգչախումբերու օրուան առթիւ։ Հանրապետութեան նախագահութեան սեմֆոնիք նուագախումբի ընկերակցութեամբ, Պետական բազմաձայն երգչախումբին հետ միասին հանդէս պիտի գայ Վարդանանց երգչախումբը։ Այլ հիւր խումբերու հետ միանալով՝ Վարդանանցը մաս պիտի կազմէ մեծ երգչախումբի մը, որ «Քարմինա Պուրանա»ի կատարումով հանդէս պիտի գայ։
Խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ Վարդանանց երգչախումբը բծախնդիր նախապատրաստական աշխատանք տարած է սոյն ձեռնարկին ընդառաջ։ Վերջին երկու ամիսներուն երգչախումբի անդամները փորձերու մեկնեցան Անգարա։ Այս ընթացքին երգչախումբը հնարաւորութիւն ունեցաւ՝ սոյն ծրագրին ներգրաւուած այլ երաժիշտներու հետ ծանօթանալու եւ աշխատելու։
Պետական բազմաձայն երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար տքթ. Պուրաք Օնուր Էրտէմի հրաւէրով Վարդանանց երգչախումբը ընդհանուր փորձերէն մէկուն ալ մասնակցեցաւ։ Սիպիլ Արսէնեան հայկական երգչախմբային երաժշտութեան եւ յօրինողներու շուրջ ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ Պետական բազմաձայն երգչախումբին հետ այսպիսի համատեղ ծրագրի մը նպաստ բերելու հնարաւորութիւն կ՚ունենայ Վարդանանց երգչախումբը։