ՓԱՐԻԶԻ ԱԲ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻՆ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ ԷՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԵՄ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւարտեց դէպի Փարիզ պաշտօնական այցելութիւնը, որու ընթացքին մասնակցեցաւ՝ Մեծ պալատի երդիքին տակ կազմակերպուած Արհեստական բանականութեան (ԱԲ) գործողութիւններու գագաթաժողովի լիագումար նիստին։ Բորոլ բարձրաստիճան հիւրերը դիմաւորուեցան Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոյի կողմէ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած այս հաւաքի մասնակիցներու շարքին էին Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենս, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն, Գանատայի վարչապետ Ճաստին Թրիւտօ եւ շարք մը այլ երկիրներու ղեկավարներ։
Փաշինեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս ունեցաւ կարճատեւ զրոյցներ։ Մասնաւորապէս, ան Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի հետ կարծիքներ փոխանակեց Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան ապագայ զարգացման շուրջ։ Բաց աստի, Փաշինեան հանդիպեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիվապոյի հետ։