ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄ
Թրքական օդային ընկերութիւնը՝ THY երէկուան դրութեամբ սկսաւ ուղիղ թռիչքներ իրականացնել Իսթանպուլի եւ Երեւանի միջեւ։ Սա տասնամեակներէ ի վեր սպասուած զարգացում մըն էր, որ ներկայիս իրականութիւն դարձած է՝ որպէս խորհրդանշական ձեռքբերում Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս։ Արդարեւ, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու դրական կլիմայով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ շօշափելի իրադարձութիւն մը եղած է այս զարգացումը։
THY երէկ իրականացուց իր ուղիղ թռիչքը՝ Իսթանպուլ-Երեւան-Իսթանպուլ ուղղութեան վրայ։ Թրքական սաւառնակը թռիչք առաւ Իսթանպուլի օդակայանէն՝ հասնելով Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը, ուրկէ վերադարձաւ դարձեալ Իսթանպուլ։ Այս առաջին թռիչքը ձեւով մը պատմական էր եւ ուղեւորներու շարքին կը գտնուէին նաեւ թրքահայ համայնքէն դէմքեր։
Մինչ թրքական սաւառնակը ջրցան մեքենաներով դիմաւորուեցաւ Երեւանի մէջ, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ալ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Ներկաներու շարքին էին Հայաստանի Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէի փոխ-նախագահ Ստեփան Փայասլեան, «Արմենիա» միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան տնօրէն Մարսելօ Վենտէ եւ ընդհանուր տնօրէն Սերկէյ Աւետիսեան, THY-ի Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու գծով վաճառքի փոխ-տնօրէն Հիւսէյին Էօզպէք եւ ընկերութեան Վրաստանի եւ Հայաստանի գծով ընդհանուր կառավարիչ Քենան Ինճէ, որոնց միացած էին նաեւ այլ հիւրեր։ Իսթանպուլ-Երեւան-Իսթանպուլ երթուղիով թռիչքները կ՚իրականացուին ամէն օր։ Մայիսի 14-էն սկսեալ չուերթներու յաճախականութիւնը պիտի հասնի շաբաթական տասնի։ Իսկ յունիսի 15-էն սկսեալ թռիչքներու յաճախականութիւնը պիտի հասնի շաբաթական տասնչորսի։ Այսինքն, ամէն օր երկու անգամ Իսթանպուլի եւ Երեւանի միջեւ թռիչք տեղի պիտի ունենայ։
Օդանաւի տոմսերու ձեռքբերման եւ թռիչքներու մէջ տեղերու յարմարութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններուն կարելի է առցանց հետեւիլ THY-ի կայքէջէն կամ զանազան զբօսաշրջական գործակալութիւններու միջոցաւ։