ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալեց Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները։ Հաւաքին ներկայ էր նաեւ Եւրոմիութեան Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Վասիլիս Մարակոս։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Երեւան-Պրիւքսէլ յարաբերութիւններու ընթացիկ օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ 

Վարչապետն ու եւրոպացի դիւանագէտները կարծիքներ փոխանակեցին՝ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ կազմակերպուած խաղաղութեան գագաթաժողովի արդիւնքներով տարածաշրջանէն ներս ձեւաւորուած իրավիճակին շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ շօշափուեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան, տարածաշրջանէն ներս հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման միտուած քայլերը։ Ի լրումն այս բոլորին՝ ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ TRIPP եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծերուն շուրջ։ 

Հարկ է նշել, որ եւրոպացի դիւանագէտները նոյնպէս երէկ ընդունուեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2025