ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԱՀՄԷՏ ՇԱՐԱՅԻ ՀԵՏ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթըն, Սպիտակ տան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերուն հետ տեսակցելէ վերջ, վերադառնալէ առաջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէն Շարայի հետ։ Ծանօթ է, որ այս վերջինը Ֆիտանի հետ նոյնաժամանակ կը գտնուէր Սպիտակ տան երդիքին տակ, ուր հիւրընկալուեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։ Նոյնաժամանակ ձեւով Հաքան Ֆիտանն ալ տեսակցած էր ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Բաց աստի, Ֆիտան եւ Ռուպիօ եռակողմանի հանդիպումի մըն ալ մասնակցած էին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանիի հետ։

Հաքան Ֆիտան Ուաշինկթընէն հրաժեշտ առնելէ առաջ զրուցեց Ահմէտ Շարայի հետ, որու Թրամփի հետ ունեցած հանդիպման արձագանգները վերջին օրերուն լայն տեղ զբաղեցուցին միջազգային օրակարգին վրայ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2025