ՑԱՒԱԼԻ ԱՐԿԱԾ՝ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ-ՎՐԱՍՏԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ԱՆԿՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԵՌՆԱՏԱՐ ՌԱԶՄԱՕԴԱՆԱՒ ՄԸ

Թուրքիա երէկ ցնցուեցաւ ցաւալի արկածի մը լուրով։ Այսպէս, Ատրպէյճանէն դէպի Թուրքիա ճանապարհ դուրս եկած զինուորական բեռնատար օդանաւ մը անկում ունեցաւ՝ քսան հոգիէ բաղկացեալ անձնակազմով։ «C130» տիպի օդանաւը Վրաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ անկում ունեցաւ եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս կապակցութեամբ տեղեկացուց, որ օդանաւը ինկած վայրին մէջ արդէն գտնուած է եւ ձեռնարկուած են համապատասխան աշխատանքներու։ Մասնագէտներու աշխատանքի արդիւնքին կը սպասուի՝ արկածի պատճառներու պարզաբանման համար։

Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ երէկ այս ցաւալի իրադարձութեան անդրադարձաւ առանձնապէս։ Ան յայտնեց, որ խոր ցաւով վերահասու դարձած է այս արկածին։ Նախագահը երանութիւն մաղթեց արկածի հետեւանքով նահատակուած զինուորներուն համար։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2025