«ՔԱՐՏԷՇ ԹԻՒՐՔԻՒԼԵՐ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՆՇԷ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԸ
Թուրքիոյ երաժշտական աշխարհէն ներս վերջին տասնամեակներուն ուրոյն տեղ մը կը զբաղեցնէ «Քարտէշ թիւրքիւլեր» խումբը, որ այնքան մեծ համակրանքի արժանացած է։ «Պողազիչի» համալսարանէն ներս սկսած է այս խումբի ոդիսականը եւ ժամանակներու ընթացքին արդէն արհեստավարժ մակարդակի հասած է անոր գործունէութիւնը՝ մանաւանդ, որ այս աշխարհագրութեան տեսակաւոր մշակոյթին յարիր, համապատասխան ոգիով երաժշտութիւն կը մատուցէ գեղարուեստասէրներուն։
Այս տարի «Քարտէշ թիւրքիւլեր» խումբը արդէն կը նշէ իր հիմնադրութեան 30-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ, Չայան Տեմիրելի եւ Այշէ Չեթինպաշի կողմէ պատրաստուած է անոր բոլորած ուղիին վերաբերեալ փաստավաւերագրական ֆիլմ մը, որ կը կոչուի «Kardeş Türküler ile 30 Yıl»։
Երէկ երեկոյեան, Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս փաստավաւերագրական ֆիլմի Իսթանպուլի կալան։ Երեկոյթի ընթացքին նախ ներկաները դիտեցին ժապաւէնը, իսկ աւելի վերջ ֆիլմին խումբը եւ «Քարտէշ թիւրքիւլեր»ի երաժիշտներն ու պարողները համատեղ ասուլիսով մը արժեւորեցին անցեալ երեսուն տարիներու աշխատանքը։