ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Երէկ, Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահ Թուֆան Էրհիւրման, Յունական Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիստոտուլիտիս եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Մարիա Անկելա Հոլկէն ունեցան հանդիպում մը։ Սա անոնց մասնակցութեամբ առաջին եռակողմանի հանդիպումն էր։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով՝ երէկուան հանդիպումը եկած է բնորոշել՝ այսպէս կոչուած «Մեծ անպաշտօն գագաթաժողովի» պատրաստութիւններուն սկիզբը։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի տանտիրութեամբ նախատեսուած այդ հաւաքի թուականը յստակեցնելու համար՝ Հոլկէն այսօր ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Աթէնք եւ Անգարա։
Կղզիի մէջ կազմակերպուած երէկուան հանդիպման ժամանակ ղեկավարները հաւանութիւն տուին այն անպաշտօն գագաթաժողովին, որուն պիտի մասնակցին նաեւ երաշխաւոր երկիրները՝ Թուրքիա, Յունաստան եւ Անգլիա։
Խրիստոտուլիտիս երէկ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումներու շրջանակներէն ներս լուծումը՝ համապատասխան շեշտադրումներով, իրենց տեսակէտէ առաջնահերթութիւն է։ Իր կարգին, Էրհիւրման մատնանշեց քաղաքական հաւասարութեան վերաբերեալ առաջնահերթութիւններ։