ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՂՏԱՏ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան տեսակցեցաւ Իրաքի նախագահ Ապտիւլլաթիֆ Ճեմալ Ռաշիտիի հետ։ Նախագահներուն հանդիպումը տեղի ունեցաւ Աշխապատի մէջ, ուր անոնք կը գտնուէին մասնակցելու համար Միջազգային խաղաղութեան ու վստահութեան ֆորումին, որ կազմակերպուած է Թիւքմենիստանի նախաձեռնութեամբ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան, խաղաղութեան հաստատման եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։ Խաչատուրեան ներկայացուց՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան տեսլականը։ Ան շեշտեց այս ծրագրի իրագործման լայն ներուժը՝ որպէս տարածաշրջանային հաղորդակցութեան, փոխկապակցուածութեան եւ տնտեսական ներառական զարգացման յենասիւն։

Այս ամբողջին մէջ կողմերը նշեցին, որ տարածաշրջանային կայունութիւնն ու փոխկապակցուածութիւնը ունին վճռական նշանակութիւն՝ փոխադրութեան եւ տնտեսական հնարաւորութիւններու ընդլայնման համար։ Նախագահները համակարծիք գտնուեցան՝ TRIPP նախագծի իրականացման եւ հաղորդակցութեան բոլոր ուղիներու լիարժէք գործարկման կարեւորութեան շուրջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2025