«ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԴՐԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՆԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ՆՈՐ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի դրական փոփոխութիւնները կը ստեղծեն տնտեսական համագործակցութեան խորացման նոր հնարաւորութիւններ։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներու ժողովին։ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի հերթական այս նիստի տանտէրն էր Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին։ Ժողովին նախորդած դիմաւորման փուլին Փաշինեան եւ Միշուսթին ձեռնուեցան՝ արարողակարգային մթնոլորտի մէջ։

Հաւաքի ելոյթին ժամանակ Փաշինեան ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կարեւորէ ԵԱՏՄ-ի արտաքին տնտեսական յարաբերութիւններու աշխարհագրութեան ընդլայնումը՝ զայն դիտարկելով, որպէս համաշխարհային տնտեսութեան մէջ կազմակերպութեան դերակատարութեամբ ապագայ ամրապնդման հերթական գործօն»։ Ան տնտեսական համագործակցութեան կարեւոր բաղադրիչներու շարքին թուարկեց փոխադրութեան եւ լոժիստիքի ոլորտը։ Արդարեւ, փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու տեսակաւորումը կրնայ յաւելեալ խթան հանդիսանալ առեւտրաշրջանառութեան աճին համար։ Վարչապետը շարունակեց.

«Այս կապակցութեամբ կը փափաքիմ ողջունել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի որոշումը՝ Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան ուղարկուած ապրանքներու տարանցումը ապաշրջափակելու վերաբերեալ։ Սա մեր տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման շրջանականերէն ներս ձեռք բերուած կարեւոր նուաճումներէն մին է»։

Մոսկուայի հաւաքին ժամանակ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ ընդհանուր ուժանիւթի շուկայի մը ձեւաւորումը կարեւոր նախապայման կը համարուի՝ ԵԱՏՄ-ի անդամ բոլոր պետութիւններուն համար հաւասար եւ կանխատեսելի պայմաններ ապահովելու տեսակէտէ։

Բաց աստի, Փաշինեան ուշադրութիւն հրաւիրեց համաշխարհային պարէնի շուկաներէն ներս առկայ բարձր անկայունութեան վրայ։ Ըստ իրեն՝ այս պայմաններուն ներքեւ ԵԱՏՄ-ի երկիրներու գիւղատնտեսական համակարգերու կայունութիւնը առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ընդհանրապէս տնտեսական կայունութեան ապահովման համար։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2025