«ԱԶԳԱԴԱՒ ՈՒ ՍՐԲԱՊԻՂԾ»

Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու առկայ գագաթնային լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ ամփոփ գրառումով մը հանդէս եկաւ՝ «Նիկոլիզմի վերջը» խորագրին ներքեւ։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գրառման մէջ նշուած է հետեւեալը.

«20-րդ դարու սկիզբին, այդ ալ՝ 1903 թուականին, ռուսաց Նիքոլայ Բ. կայսրը օրէնք ընդունեց Հայոց Եկեղեցւոյ գոյքի բռնագրաւման եւ հայկական դպրոցներու փակման մասին։ Սա բողոքի եւ ընդվզման այնպիսի ալիք մը յառաջացուց հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն, ակամայ խթանելով հայկական ազգայնականութեան ձեւաւորումը, որ կայսրը ստիպուած եղաւ 1905 թուականին չեղարկել այդ օրէնքը։ Եթէ հայ ժողովուրդը հզօր Ռուսաստանի կայսրը յաղթահարեց, Նիկոլի նման մի ազգադաւն ու սրբապիղծը ինչ է, որ չյաղթահարէ»։

Ինչպէս ծանօթ է, Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած պնդումներէն վերջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան զօրակցական այցելութիւն մը տուած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի այդ այցելութեան Նիկոլ Փաշինեան արձագանգած էր շատ ծանր ոճով։ Վարչապետը՝ Հայաստանէ ներս ընտրակեղծիքներու հիմնադիր որակած էր առաջին նախագահը։

Ուրբաթ, Յունիս 13, 2025