ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Իսրայէլ գիշերուան ժամերուն յարձակեցաւ Իրանի վրայ։ Իսրայէլի բանակի ռազմական գործողութիւններով թիրախաւորուեցան մայրաքաղաք Թեհրանն ու երկրի այլ զանազան քաղաքները։
Մինչ Մերձաւոր Արեւելքը արդէն ծայր աստիճան բարդ կացութիւն մը կը դիմագրաւէր, Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սպասուած յարձակումներու սկիզբն ալ եկաւ առաւել խորացնել մտահոգութիւնները։ Այս իրադարձութիւնը արդէն կրակի վրայ իւղ կը լեցնէ, սակայն, այժմ արդէն հաւանական ծանր հետեւանքներու դիմագրաւումը դարձած է անխուսափելի։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները տեղեկացուց, որ ինք չի մասնակցիր Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ ձեռնարկուած յարձակումներուն։
Իսրայէլի բանակի գործողութիւններուն հետեւանքով մահացան Իրանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը, յեղափոխական պահակներու զօրախումբի հրամանատարը, այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, գիտնականներ եւ քաղաքայիններ։
Երկար ատեն տեւած յարձակման սպառնալիքներէն վերջ Իսրայէլ արդէն ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկեց Իրանի դէմ։ Այս տուեալը հաստատուեցաւ նաեւ այդ երկրի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իսրայէլ հաղորդած է, որ յարձակումներու բուն թիրախն է Իրանի հիւլէական ծրագիրը։ Իսրայէլի բանակը յարձակումները իրականացուցած է անօդաչու թռչող սարքերով։
Թեհրանի ղեկավարութիւնն ալ տեղեկացուց, որ այս յարձակումներուն անպայման պիտի փոխադարձէ եւ Իրան պիտի լուծէ իր վրէժը։