ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Եւրոմիութեան երկիրներու առաջնորդներն ու Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին վստահեցուց, թէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ տարածքային հարցեր պիտի չքննարկէ։ Թրամփ վաղը Ալասքայի մէջ ժամադրուած է Փութինի հետ։ Գագաթնային այս շփման ընդառաջ Սպիտակ տունէն անընդհատ պատգամներ կը հասցէագրուին միջազգային հանրութեան։ Ուաշինկթըն-Մոսկուա ուղիղ շփման պայմաններուն ներքեւ, Քիեւի ղեկավարութիւնն ալ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ իր հերթին։ Զելենսքի երէկ Պերլինի մէջ էր, ուր ընդունուեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի կողմէ։ Ան այսօր ալ Լոնտոնի մէջ է, ուր կը մէկտեղուի Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հետ։

Թրամփ երէկ Զելենսքիի եւ խումբ մը եւրոպացի ղեկավարներուն հետ զրուցեց տեսակապով։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտնեց, որ Ալասքայի բանակցութիւններուն Թրամփ պիտի ձգտի հրադադար մը ապահովելու։

Փութինի հետ վաղը նախատեսուած բանակցութիւններուն ընդառաջ, Թրամփ կրկնեց Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու խստացման հաւանականութիւնը։ Իր խօսքով՝ եթէ Փութին չհամաձայնի պատերազմը դադրեցնել, ապա հետեւանքները կ՚ըլլան շատ ծանր։ Իսկ «The Economist»ը գրեց, որ Փութին եւ Թրամփ վաղը Ալասքայի մէջ կրնան քննարկել պատժամիջոցներու ջնջումը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 14, 2025