ԵՐԵՔՈՎ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԴՐՈՒԱԳ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ զրոյց մը ունեցան Շարմ-Էլ-Շէյխի մէջ, ուր իրենց միացաւ նաեւ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆ։ Անոնք կը մասնակցէին՝ Եգիպտոսի տանտիրութեամբ կազմակերպուած՝ Մերձաւոր Արեւելքի Խաղաղութեան գագաթաժողովին։ 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Շահպազ Շերիֆ ուրախութիւն յայտնեց, որ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը տեսած է զրոյցի ընթացքին։ Սա Նիկոլ Փաշինեանի եւ Շահպազ Շերիֆի առաջին հանդիպումն էր՝ Երեւան-Իսլամապատ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն վերջ։

Միօրեայ աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Փաշինեան զրուցեց նաեւ համաշխարհարային այլ երկիրներու ղեկավարներու հետ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի, Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպաս, Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես եւ այլք։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025