ՊԱՂԵՍՏԻՆԻՆ ՆՈՐ ԱՊԱԳԱՅ

Ամբողջ աշխարհ երէկ յարաբերաբար հանգիստ շունչ մը քաշեց Կազզէի վերաբերեալ լաւ լուրերով։ Սպասուած դրական իրադարձութիւնը արդէն իրողութիւն է։ Իսրայէլի եւ «Համաս»ի միջեւ արդէն փոխանակուած են գերիները։ Պաղեստինի համար արդէն կ՚ուրուագծուի նոր ապագայ մը։

Երէկ, Շարմ-Էլ-Շէյխի մէջ, Եգիպտոսի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Մերձաւոր Արեւելքի Խաղաղութեան գագաթաժողովը նոր իրադրութիւն մը ստեղծեց տարածաշրջանին տեսակէտէ։ Թուրքիոյ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի եւ Քաթարի կողմէ ստորագրուեցաւ փաստաթուղթ մը, որով պատերազմը վերջ կը գտնէ։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկուան գերաստիճանի առանցքային դէմքերէն մին էր. ջերմ հանդիպում մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։

Տեղական մամուլին մէջ հրապարակուած են տեղեկութիւններ, ըստ որոնց՝ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի՝ այս գագաթաժողովի կատարուած իրողութեամբ մասնակցութիւնը կանխուած է Էրտողանի վերջնագրով։ Ան յապաղեցուցած է իր օդանաւին վայրէջքը՝ մինչ յստակ ազդարարած է, որ Նեթանիյահուի ներկայութեան պարագային բացառուած է իր մասնակցութիւնը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025