ՊԱՍՏԱՌԻ ՀՐԱՊՈՅՐԸ. «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ը Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ ՖԻԼՄԵՐՈՎ ԵՒ ԱՍՈՒԼԻՍՆԵՐՈՎ

Երեւանի մէջ այս օրերուն ամէնուրեք զգալի է պաստառի հրապոյրը։ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնը մագնիսացուցած է գեղարուեստասէրներու ուշադրութիւնը։ Մէկ կողմէ կը ցուցադրուին հրապուրիչ ֆիլմեր, իսկ միւս կողմէ շարժանկարի աշխարհէ հեղինակաւոր դէմքերու հետ կը կազմակերպուին ասուլիսներ, զրոյցներ։ Երէկ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի կեդրոնի համալիրէն ներս ասուլիս մը տեղի ունեցաւ յայտնի բեմադրիչ Մարքօ Միւլերի հետ, որ իր խորհրդածութիւններով նոր հորիզոններու առաջնորդեց ներկաները։ «Ժապաւէններու մէջ հանդիսատեսը պէտք է ինքզինք ճանչնայ», ըսաւ Մարքօ Միւլեր, որուն հետեւեցան նաեւ շարժանկարի բնագաւառի մասնագէտներ։

 

Երեքշաբթի, Յուլիս 15, 2025