ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ԿՐԿՆԵՑ, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հերթական անգամ անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։ Սպիտակ տան մէջ, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէի հետ հանդիպման ժամանակ Թրամփ ըսաւ. «Անոնք կարծես կը մօտենան հանգուցալուծման, յաջող հանգուցալուծման»։

Թրամփի այս հերթական յայտարարութիւնը յաջորդեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Ապու Տապիի վերջին հանդիպման։ Այդ հանդիպումը առաջին անգամ տեղեկացուցած աղբիւրները կը հաղորդեն, որ ԱՄՆ կը պատրաստուի հարիւր տարիով վարձակալել Սիւնիքով նախատեսուած անցուղին, որ Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը պիտի կապէ։ Ատրպէյճան այդ մէկը կ՚անուանէ «Զանգեզուրի միջանցք», իսկ Հայաստան՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»։ Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Թոմաս Պարաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ. «Երեւան եւ Պաքու կը վիճին 32 քիլօմեթր երկարութեամբ ճանապարհի մը շուրջ եւ ահա թէ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ։ ԱՄՆ կու գայ եւ կ՚ըսէ, որ շատ լաւ, կը վերցնէ զայն։ Մեզի վարձու տուէք այդ 32 քիլօմերթ ճանապարհը եւ բոլորով օգտուեցէք անկէ»։

Յամենայնդէպս, Ուաշինկթընի այս առաջարկին Երեւանի առաջին արձագանգը ժխտական է։ Հայաստանի կառավարութեան բանբեր Նազելի Պաղտասարեան այս կապակցութեամբ «Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտարարեց հետեւեալը. «Մենք տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հարցը կը քննարկենք բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան համատեսքին մէջ։ Հայաստան չէ քննարկած եւ չի քննարկեր սեփական ինքնիշխան տարածքի վերահսկողութիւնը որեւէ երրորդ կողմի արտապատուիրակել»։

Բանբեր Նազելի Պաղտասարեան աւելցուց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան մէջ գոյութիւն չունի երկրի տարածքի որեւէ հատուածի վարձակալութեան տրուիլը։ Ուստի, ան ԱՄՆ-ի առաջարկը անհնար համարեց։

Դեսպան Պարաք նշեց, որ այս առաջարկի նպատակն է՝ նպաստել Հայաստան-Ատրպէյճան դիւանագիտական բանակցութիւններու զարգացման։ Իր կարգին, բանբեր Պաղտասարեան ընդգծեց. «Տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու վերաբերեալ որոշումը կրնայ առնուիլ միայն մեր երկրին կողմէ։ Այլ պարագայ մը չենք քննարկեր»։

Երեքշաբթի, Յուլիս 15, 2025