ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՔԱԹԱՐ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ. ՖԻՏԱՆԻ ՏՈՀԱ ԱՅՑԸ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Տոհայի մէջ ունեցաւ բարձր մակարդակի շփումներ։ Այսպէս, ան ընդունուեցաւ Քաթարի Էրիր շէյխ Թամիմ պին Համիտ ալ Սանիի եւ վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ պին Ապտուրրահման ալ Սանիի հետ։ Անգարա-Տոհա առանցքին վրայ Կազզէի առկայ ողբերգութիւնը կը մնայ առաջնահերթ։ Թուրքիա կը ջանայ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու ներուժը համախմբել՝ Պաղեստինի պատերազմը կասեցնելու նպատակով եւ այս ամբողջին մէջ Քաթարի նկատմամբ վերաբերմունքը առանձնայատուկ է։

Տոհայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Մուսթաֆա Կէօքսու նախարարի շփումներուն կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ըրաւ «Անատոլու» գործակալութեան։ Այսպէս, Թուրքիոյ եւ Քաթարի ռազմավարական գործընկերութիւնը կը զարգանայ եւ այս հանգամանքին ի շարունակութիւն անոնք կ՚արժեւորեն յառաջիկայ շրջանին համագործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները։ Երկու երկիրները մարդասիրական ու դիւանագիտական նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գան՝ Կազզէի տագնապը կասեցնելու առաջադրութեամբ։ Ըստ դեսպանին՝ Անգարա եւ Տոհա տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման ճանապարհին ազդու դերակատարութեամբ հանդէս գալու կամք կը դրսեւորեն եւ անոնց ղեկավարները վճռական են՝ աշխատելու տարածաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան համար։ Կողմերը ռազմավարական խաղաղութեան նպատակ կը համարեն Կազզէի մէջ սովին վերջ տալը, Պաղեստինի ժողովուրդին աջակցիլը եւ երկու պետութեան հիմունքով լուծման մը հասնիլը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 15, 2025