ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԷՍԻ ԿՈՂՄԷ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Իսրայէլ-Իրան պատերազմը ամբողջ աշխարհի մէջ մտահոգութեան առարկայ դարձած է։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ բազմապատիկ մտահոգութիւններ խնդրոյ առարկայ են նաեւ Հայաստանի մէջ՝ քանի երկրի անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ հարեւան Իրանի դիրքորոշումը չափազանց նշանակութիւն ունի։ Իսրայէլի կողմէ Իրանի վրայ գործուած յարձակումը այս տեսակէտէ կը ձեւաւորէ նուրբ հաւասարակշռութիւններ, որոնց լոյսին տակ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած ընդդիմադիր «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի առաջնորդած քաղաքական ուժի հրապարակումը։
*
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ Իսրայէլի սանձազերծած լայլածաւալ ռազմական գործողութիւնները կը ստեղծեն պայթիւնավտանգ իրավիճակ մը տարածաշրջանէն ներս, ինչ որ անմիջական ազդեցութիւն ունի Հայաստանի անվտանգութեան եւ կայունութեան վրայ։
Աշխարհաքաղաքական վտանգաւոր զարգացումներու հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կանգնած է բարդ մարտահրաւէրներու առջեւ, որոնց դիմագրաւման համար կը պահանջուին համազգային համախմբուածութիւն եւ սթափ իրատեսական մօտեցում։
Իրանի հետ մեր երկրի հարեւանութիւնը եւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարիդրացիական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ռազմավարական շահերը մեզ կը պարտադրեն խուսափիլ որեւէ գործողութենէ, որ կրնայ ներքաշել Հայաստանը տարածաշրջանային հակամարտութեան մէջ։
Ելնելով վերը շարադրուածէն՝ կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն.
- Աշխուժացնել դիւանագիտական ջանքերը միջազգային գործընկերներու հետ՝ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու համար, հաւաստիացնել միջազգային հանրութիւնը, թէ Հայաստանի տարածքը պիտի չօգտագործուի ռազմական նպատակներով միանալ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի հրատապ նիստ գումարելու դիմումին՝ հակամարտութեան մագլցումը կանխելու համար։
- Ուժեղացնել սահմանային անվտանգութիւնը եւ պատրաստուիլ հաւանական մարդասիրական մարտահրաւէրներուն՝ ներառեալ Իրանէ փախստականներու հաւանական հոսքը։
- Անյապաղ դադրեցնել Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ վերջին շրջանին ծաւալուած ապօրինի յարձակումները։ Նման քայլերը ո՛չ միայն կը խաթարեն հասարակութեան միասնականութիւնը, այլեւ վտանգի տակ կը դնեն մեր ազգային արժէքները։
Այս ճգնաժամային պահուն նաեւ կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ քաղաքացիներուն, որպէսզի դադրեցնեն ներքին հակամարտութիւնները, միաժամանակ զերծ մնան հրապարակային բողոքի շարժումներէ՝ երթերէ, ցոյցերէ ու հանրահաւաքներէ եւ համախմբուիլ ընդհանուր նպատակի շուրջ՝ ապահովելու մեր երկրի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։ Ներքին պառակտումը եւ հակադրութիւնը կը թուլացնեն մեր պետականութիւնը եւ կը խանգարեն արդիւնաւէտ արձագանգել արտաքին սպառնալիքներուն։