ԵՐԿՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ԱՆԳԱՄ ԶՐՈՅՑ
Թուրքիա անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքն ալ բաւական բանուկ է՝ Իրան-Իսրայէլ պատերազմի պայմաններուն ներքեւ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերջին երկու օրերուն երկու անգամ հեռախօսազրոյց ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։
Էրտողան Թրամփի նկատառման յանձնած է, որ Իրանի դէմ Իսրայէլի յարձակումներով սկիզբ առած բռնութիւնները երկու կողմերուն տեսակէտէ ալ անվերադարձ հետեւանքներ կրնան ունենալ եւ վտանգաւոր իրադարձութիւնները պէտք է անպայման կանխուին։ Ան շեշտեց, որ հիւլէական համաձայնութեան շուրջ լուծման հասնելու նպատակով թրքական կողմը պատրաստակամ է ամէն տեսակ աջակցութիւն ցուցաբերելու։
Մինչ այդ, բացի Թրամփէն, Էրտողան աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներուն հետ շփման մէջ է առկայ պատերազմական իրավիճակին մէջ։