ՆՈՐ ՕՐԱԿԱՐԳ, ՆՈՐ ՇՓՈՒՄ
Թէեւ Պաղեստինի համաձայնութիւնը ընդհանուր լաւատեսութիւն մը ստեղծած է, սակայն, Մերձաւոր Արեւելքի պարագային հարցականները բազմազան են։ Այս ամբողջին մէջ Սուրիա առանցքային նշանակութիւն ունի։ Թուրքիա կը բարձրաձայնէ Իսրայէլի վերաբերեալ մտահոգութիւններ, որոնք երէկ հերթական անգամ վերահաստատուեցան՝ քանի այդ երկրի զօրքերը ներխուժեցին Քունէյտրայի նահանգը, ուր բնակավայրեր խուզարկեցին։
Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հիւրընկալեց Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարան։ Քրեմլինի պալատին մէջ Շարա նշեց, որ Դամասկոս կը վերականգնէ իր յարաբերութիւնները տարածաշրջանային եւ արտատարածաշրջանային բոլոր դերակատարներուն հետ։ Մոսկուայէն հաղորդուեցաւ, որ փակ դրութեամբ կը քննարկուին Սուրիայէ ներս Ռուսաստանի ռազմական ներկայութեան վերահաստատման վերաբերեալ խնդիրները։
Թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդումներով՝ Շարա Փութինին առաջարկած է Թարթուսի ռազմածովային խարիսխն ու Հմէյմիմի ռազմաօդային խարիսխը վերադարձնել Ռուսաստանին, փոխարէնը պահանջած է երկրի անկեալ նախագահ Պեշար Էսատի իրենց յանձնուիլը։