ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԱՄՆ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ԹՐԱՄՓԻ ԿՈՂՄԷ
Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, որ այս օրերուն Ուաշինկթընի մէջ կը գտնուի՝ «Թեմփըլթըն» հիմնարկին կողմէ իրեն շնորհուած մրցանակը ստանալու համար։ Հարկ է նշել, որ յունաց պատրիարքին այդ պարգեւը տրուած է՝ բնապահպանութեան եւ միջկրօնական հանդուրժողութեան խրախուսման ուղղեալ գործունէութեան շնորհիւ։
Սպիտակ տան մէջ Տանըլտ Թրամփի հետ տեղի ունեցած զրոյցէն վերջ, Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այսպէս, ան յայտնեց, որ Տանըլտ Թրամփի հետ շօշափած է՝ Հէյպէլի կղզիի յունաց վանքի, Թուրքիոյ քրիստոնեաներու կացութեան, Ուքրայնայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ի լրումն այս բոլորին, զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի մինչեւ տարեվերջ Թուրքիա նախատեսուած այցելութեան ծրագրին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։ Յունաց պատրիարքը տեղեկացուց, որ 1971 թուականէն ի վեր փակ կը գտնուի Հէյպէլի կղզիի վանքը եւ Տանըլտ Թրամփ արդէն տեղեկութիւն ունէր այս խնդրին կապակցութեամբ։ «Նախագահ Էրտողանի յանձնառութեան շնորհիւ անցեալ տարի մեր պատրիարքարանի եւ Թուրքիոյ կառավարութեան միջեւ երկխօսութիւն մը սկսած էր եւ ես Տանըլտ Թրամփին պատմեցի այս մասին։ Այս երկխօսութեան զարգացման եւ վանքի յառաջիկայ սեպտեմբերին վերաբացման համար գործընթացի արագացումը կը փափաքինք», ըսաւ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք։
Թրամփի հետ ունեցած հանդիպումէն վերջ, յունաց պատրիարքը դիտել տուաւ, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ հետաքրքրուած է Թուրքիոյ քրիստոնեաներու կացութեամբ։ «Ես յայտնեցի, որ Թուրքիոյ մէջ շատ քիչ յոյն ուղղափառ քրիստոնեայ մնացած է եւ, ընդհանրապէս, երկրի բոլոր քրիստոնեաներուն թիւը կը համապատասխանէ բնակչութեան մէկ տոկոսին։ Մեր պատրիարքարանը 1700 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունի եւ կը յուսամ, թէ յաւերժ պիտի մնայ այնտեղ։ Բաց աստի, խօսեցանք նաեւ Թուրքիոյ հրեաներու մասին։ Անոնց թիւն ալ 14 հազարի շուրջ է։ ԱՄՆ-ի նախագահի նկատառման յանձնեցի Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու ողբերգական կացութիւնը։ Այս ընթացքով տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեայ պիտի չմնայ։ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու սրբավայրերը թանգարանի պիտի վերածուին։ Փափաք յայտնեցի, որպէսզի այս խնդրին նկատմամբ ալ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ», եզրափակեց Պարթոլոմէոս Ա. Սպիտակ տունէն դուրս գալէ վերջ կատարած յայտարարութիւնները։