ՎԱՌ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սուրիոյ հարցերը համաշխարհային մեծ օրակարգի կիզակէտին են՝ մինչ տեղւոյն հայութեան կարեւոր մէկ հատուածը կը շարունակէ հաւատք տածել երկրի ապագային նկատմամբ։ Այս առումով կարեւոր վկայութիւններ կան Դամասկոսէն։ Մայրաքաղաքի Ժարամանա շրջանի բնակիչներէն դեղագործ Կարպիս Գարակէօզեանի փոխանցածները յատկանշական են։ Սուրիոյ մասին ցարդ շատ գրուած է։ Մօտաւոր անցեալի պատերազմի տարբեր փուլերը խոշորացոյցի տակ եկած են՝ հայութեան օրակարգին զուգահեռ։ Արդարեւ, հայութիւնը խորքային ներկայութիւն ունեցած է այնտեղ ու տարբեր առումներով ալ այդ երկիրը դարձած է՝ հայ ժողովուրդի նոր ծննդոցի իսկական արգանդը։ Սուրիահայութիւնը ընկերային, տնտեսական ու մշակութային ներկայութեան առընթեր, յաջողած է հիմնադրել այնպիսի կայուն եւ ամուր կառոյցներ, որոնք եղած են սփիւռքի մարդուժի իսկական աղբիւրը։ 

Այս բոլորէն անդին, սակայն, ոչ ոք մտածած է, որ Սուրիան պիտի բռնուի այնպիսի հիւանդութեան մը, որուն հետեւանքով ալ հազարաւոր հայորդիներ ստիպուած պիտի ըլլան լքել իրենց բնօրրանը եւ հաստատուիլ ամենահեռաւոր ափեր ու երկիրներ։ Արիւնալի պատերազմը այսօր մեր ետին է, սակայն, Սուրիան տակաւին հեռու է ամբողջական կայունութենէ։ Ճիշդ է, որ հայութեան որոշ մաս մը տակաւին կը շարունակէ ապրիլ այնտեղ, բայց եւ այնպէս, բոլորին համար պարզ ու յստակ է, որ սուրիահայութեան ոսկեդարը այլեւս կը պատկանի անցեալին։

Ի դէպ, Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները նոյնպէս ուշագրաւ են։ Երկիրը նոր սկսած է շնչել, կան բազմապիսի հիմնախնդիրներ, բայց եւ այնպէս, այդ բոլորէն անդին Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն ընթացքը որոշակիօրէն յուսադրիչ է։

Կարեւորագոյն իրադարձութիւններու ետեւէն երթալու ու այդ գծով հայութեան առաջ ցցուած մարտահրաւէրները դիտարկելու նպատակով կարծիքը շօշափեցինք Կարպիս Գարակէօզեանին, որու բնակած Ժարամանան կը համարուի տիւրզիներու կարեւորագոյն շրջաններէն մին։ Վերջին ամիսներուն յառաջացած լարուածութիւնները որոշակիօրէն մեղմացան։ Յամենայնդէպս, հարկ է կրկնել, որ երկրի մեծ քաղաքները՝ Դամասկոս, Հալէպ, ծովեզերեայ կարգ մը շրջաններ տակաւին հեռու են ամբողջական կայունութենէ։

Ժարամանայի բախումներուն յաջորդած այժմու իրավիճակի մասին Գարակէօզեան կ՚ըսէ հետեւեալը. «Ժարամանայի բնակչութեան մեծամասնութիւնը տիւրզի է: Տիւրզիներու երիտասարդութիւնը զինուած է: Վերջին հարցերը, որոնք մեծ տարաձայնութեան հետեւանք էին, հրահրուեցան նաեւ ընկերային հարթակներու կողմէ։ Շատեր վախցան ու դէպի Դամասկոս մեկնեցան։ Հարցը քանի մը օրուան մէջ լուծուեցաւ եւ հիմա վիճակը բնականոն է, շուկաները բաց են, եռուզեռ է, երթեւեկութիւնը խճողուած։ Հայկական մեր վարժարանն ալ բաց է: Տիւրզի համայնքը համաձայնեցաւ կառավարութեան հետ, որ զօրք տեղակայեց այստեղ»:

Թէ քանի հայ կա՞յ Ժարամանայի մէջ, ի՞նչ կ՚՚ակնկալէ համայնքը: Գարակէօզեան կը պատմէ. «Կ՚ենթադրեմ շուրջ 1000-2000 հայ կայ: Աւելի մեծ թիւով քրիստոնեաներ կան: Դամասկոսի հայկական եկեղեցիէն մինչեւ Ժարամանա քալելով կէս ժամ է եւ եթէ պէտք ըլլայ՝ շուտով կը հասնին: Մենք մասնաւոր հարց մը չունինք: Ես իմ տիւրզի ընկերներէս կը հասկնամ վիճակը եւ եթէ վտանգաւոր ու իսկապէս լուրջ հարց մը ըլլայ, ապա լուրը կը տարածենք մեր շրջապատին մէջ: Հեռաձայններով միշտ կապի մէջ ենք։ Գալով տրամադրութիւններուն, շատեր լաւատես են, իսկ ուրիշներ կը վախնան եւ բոլոր փոքրամասնութիւններուն նման՝ հայերն ալ մտահոգ են: Նոր իշխանութիւնները միշտ յոյս կու տան ու կ՚ըսեն, որ հարց մը չունին փոքրամասնութիւններուն հետ: Օրինակ, պասքեթպոլի դաշնակցութիւն մը կազմուեցաւ եւ տնօրէնը հալէպահայ մըն է։ Հայերու հանդէպ վստահութիւնը մեծ է։ Իշխանութիւնները քանի մը տեսակցութիւններ ունեցան թէ՛ Բերիոյ եւ թէ Դամասկոսի առաջնորդներուն հետ: Իրենք աշխարհին կ՚ուզեն ցոյց տալ, որ քրիստոնեաներուն հետ հարց չունին»:

Գարակէօզեան կը նշէ, որ այժմ հայերու մօտ գաղթելու տրամադրութիւն չի նկատուիր, ընդհակառակն՝ մարդիկ իրենց սովորական գործի ետեւէն են։ «Հոս ի վերջոյ մեր ծննդավայրն է եւ վարժ ենք այս երկրին: Հայկական չորս դպրոց ունինք, աշակերտութիւն կայ, ակումբներ ունինք: Բայց, անշուշտ, չի բացառուիր, որ որոշ հայեր փափաքին հեռանալ եւ ուրախալի է ըսել, որ շատեր դէպի Հայաստան գաղթեցին», ըսաւ ան։

Անդրադառնալով տիւրզի համայնքի հայերուն նկատմամբ վերաբերմունքին՝ Գարակէօզեան ըսաւ. «Հայերը սիրուած են տիւրզիներէն, անոնք կը յարգեն մեզ: Դամասկոսի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան հանդիպումներ ունեցաւ այստեղի տիւրզիներու հոգեւոր առաջնորդին հետ: Տիւրզերները ընդհանրապէս կը յարգեն քրիստոնեաները եւ մեզի ալ այդ աչքով կը նային՝ մանաւանդ, որ կը բացատրենք, թէ մենք նաեւ հայ ենք, բայց, իրենցմէ շատեր չեն ըմբռներ այդ բանը, իսկ ուրիշներ ալ կ՚ըսեն՝ դուք ալ մեզի պէս փոքրամասնութիւն էք: Իրենց համայնքին մէջ ծայրայեղութիւններ չունին, հանդերձանքի տեսակէտէ կանայք չեն ծածկեր իրենց գլուխը, երկսեռ միջավայրի մէջ կը հաւաքուին, այդ առումով ազատամիտ են»։

Հուսկ, Սուրիոյ ապագայի մասին Կարպիս Գարակէօզեան կ՚ըսէ. «Բոլորս ալ ըլլայ Սուրիոյ մէջ կամ Սուրիայէ դուրս, այլեւս նոյն լուրերը կը լսենք եւ իւրաքանչիւրը իր ակնոցով կը վերլուծէ: Միջին Արեւելքը վտանգաւոր տարածաշրջան մը եղած է: Մեր նոր նա-խագահի այցը Ֆրանսա, նաեւ Թրամփի այցը Սէուտական Արաբիա, իմ կարծիքով՝ լաւատեսութիւն կը ներշնչեն։ Կարծես Արեւմուտքը կը վստահի նոր կառավարութեան եւ, ըստ երեւոյթին, զիջումներ պիտի ըլլան: Հակառակ ահռելի սղութեան՝ շուկան ազատ է եւ ամէն տեսակ ապրանք կայ, ինչ որ լաւ նշան մըն է: Միակ հարցը իրենց ծայրայեղ ըլլալն է։ Յամենայնդէպս, նկատելի է, որ նախագահը միջազգայնօրէն կ՚ընդունուի եւ սա լաւ բան մըն է: Մեր երկիրը հարուստ է նաւթով, հանքերով եւ օտարները, անշուշտ, իրենց շահը կը փնտռեն»: 

Գարակէօզեան դիտել կու տայ նաեւ, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ստիպողական է համակերպիլ Թուրքիոյ ներկայութեան։ «Թուրքիա գերպետութիւն մըն է եւ Սուրիոյ ներկայ կառավարութեան գլխաւոր դէմքերը թրքական աջակցութեամբ իշխանութեան հասած են։ Մենք Դամասկոսի մէջ տակաւին թրքական ազդեցութիւն չտեսանք: Առաջին օրերուն շուկան ողողուեցաւ թրքական ուտեստով ու ապրանքներով։ Թուրքիան կը հետապնդէ իր շահերը եւ սուրիացիներէն պիտի շահի, շուկայ պիտի բանայ իր վաճառականներուն» եզրափակեց ան:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ​

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2025