ԹՐԱՄՓ-ՓՈՒԹԻՆ ԶՐՈՅՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու զուգահեռ օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ անոնց միջեւ դէմ առ դէմ նոր հանդիպման մը հեռանկարը։

Միջազգային աղբիւրները լայնօրէն արձագանգեցին հրապարակուած մանրամասնութիւններուն։ Թրամփ նշեց, որ Փութինի հետ շատ արդիւնաւէտ զրոյց մը ունեցած է։ «Նախագահ Փութին շնորհաւորեց զիս եւ ԱՄՆ-ը՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան մեծ նուաճման կապակցութեամբ, ինչ որ իր խօսքով՝ դարեր շարունակ երազանք եղած է», տեղեկացուց Թրամփ։ Այս վերջինը յոյս յայտնեց, թէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ յաջողութիւնը կը նպաստէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը աւարտին հասցնելու ուղղեալ բանակցութիւններուն։

Երկու նախագահները պայմանաւորուած են, որ յաջորդ շաբաթ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ տեղի ունենան Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ։ Բաց աստի, հորիզոնին վրայ ուրուագծուած է Թրամփ-Փութին նոր հանդիպում մը, որ տեղի պիտի ունենայ Պուտափեշտի մէջ։

Թրամփ այսօր ժամադրուած է Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2025