ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԻՍՏԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ վարչապետը Ուաշինկթընի մէջ կը մասնակցի՝ նորաստեղծ Խաղաղութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստին։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է այս խորհուրդը եւ նոյնպէս իրեն հրաւէրով Փաշինեանն ալ մաս կը կազմէ այդ մէկուն։

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան պաշտօնականացուցին իրենց ամուսնութիւնը։ Երէկ, Աննա Յակոբեան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մըն ալ հաստատեց այս իրադարձութիւնը։ Մինչ այդ, տարիներէ ի վեր անոնք կը կենակցէին, իսկ այժմ որոշած են արդէն իրենց կեանքի միասնութիւնը պաշտօնականացնել։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան ունին չորս զաւակ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 18, 2026