ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԻՆՔ...

Վերջերս, հայ մամուլը գուժեց սփիւռքահայ եւ արեւմտահայերէնի բանիմաց, բժիշկ, ուսուցիչ, սրբագրիչ եւ «գրաւոր» յուշարար՝ տքթ. Արմենակ Եղիայեանի մահը: Մտաւորական մը, որուն անունը ծանօթ է Հայաստանի եւ սփիւռքի լեզուագիտական շրջանակներուն՝ իբրեւ արեւմտահայերէնի ուղղագրութեան, քերականութեան մասնագէտ եւ անոր առնչուած լեզուաբանական խնդիրներու հմուտ եւ գիտական աշխատասիրութիւններ հրապարակած՝ բանասէր:

Անոր համար, այս օրերուն մեր գրական աշխարհէն ներս սուգ է, որովհետեւ ոչ եւս է մեր լեզուի ածուներու մէջ անխոնջ վարուցան ընող մեր երիցագոյն սպասարկու տիտաններէն՝ բժիշկ Արմենակ Եղիայեանը:

Իմ կարգիս, կորսնցուցի անկեղծ բարեկամ-թելադրող, գնահատող եւ քաջալերող գրիչ մը, իսկ միւս կողմէ ամբողջ ազգ մը կորսնցուց հայ լեզուին ու գիրին բծախնդրութեան եւ ճշգրիտ արտայայտուելու գեղեցկութեան եւ օրէնքներուն անզուգական «վարպետ» մը:

Քաջատեղեակ ենք, թէ մեզմէ անկախ, մեր շուրջէն առ յաւէտ կը բացակային այնպիսի դէմքեր ու կերպարներ, որոնք օրինակ ըլլալու կոչուած էին իրենց կեանքի գոյութեան ողջ ընթացքին: Եւ անոնց բացակայութիւնը, ցաւ ի սիրտ, ոչինչ ու ո՛չ ոք կրնայ լեցնել, որովհետեւ անոնք կը պատկանէին սերունդի մը, որ իրապէս անփոխարինելի եղած էր:

Իսկ հիմա... չեմ գիտեր ուրկէ՞ սկսիմ: Աւելին՝ ինչպէ՞ս պիտի ընդունինք մեր բանիմաց բժիշկին բացակայութիւնը: Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք արժեւորել այս կորուստը: Մէկը՝ որ հսկայի նման եւ նոյնքան ալ խստապահանջ, իր գրիչով հետեւեցաւ մեզի, մեր բառերուն, մեր տողերուն, մեր խօսքերուն եւ համբերութեամբ կատարեց իր թելադրանքներն ու ճշդումները, իր գնահատկաններն ու քաջալերականները:

Ինք, բոլորիս համար, հայ լեզուի իմաստութեան հմուտ հսկայ մըն էր եւ այսպէս յանկարծ եւ անժամանակ առանց «մնաք բարովի» հեռացաւ մեզմէ:

Մէկը՝ որ իր կուրծքին տակ բաբախող հսկայ սրտով եւ հայ լեզուի ու գրականութեան մէջ մխրճուած միտքով եւ արեւմտահայերէնի հանդէպ իր տածած առասպելական սէրով եւ հաւատքով, մեր բառերու ճշգրիտ գործածութեան, շարադասութեան իմացութեան գիտելիքներու, օրէնքներու եւ կանոններու իր մեծ շտեմարանով, մեզի իբրեւ ժառանգ ձգեց իր վիթխարի գործերուն եւ աշխատանքին հանդէպ մեր հիացմունքը:

Այլ խօսքով, հայ մտքի տէր «հսկայ» հայ մը, որուն գրիչին տակ պահ դրուած ու մէկտեղուած էր մեր լեզուի անփոխարինելի սնունդի պաշարը:

Իր մեկնումով, այսօր եւ անկասկած, ստեղծած է անօրինակ ու տառապալից նոր ամայացում մը, զորս շատ ծանր նստած է մեր բոլորի մտքերուն մէջ: 

Բժիշկ Արմենակ Եղիայեան.- ինծի համար գրաւոր այն յուշարարներէն է, որ իր թելադրանքներով, իր քննադատութիւններով, իր բծախնդիր ցուցմունքներով, քերականական ճշդումներով եւ անհաւատալի գիտելիքներու ամբարով՝ մեր լեզուի կշիռքը հարուստ հունձքով արժեւորեց, կարգապահ, աշխատասէր եւ յստակ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ:

Ան, մեր լեզուին հիացող մը ըլլալով հանդերձ, նաեւ հայ մշակոյթին գեղեցկութեան եւ արժէքին խնկարկու կամաւոր սպասարկու մըն ալ էր, որ իր անկաշառ գրիչն ու խօսքը միշտ մխրճած էր հայ մարդուն, հայ գրողին, հայ մտաւորականին մտքին մէջ, իր բառերու ճշդումներով եւ ուղղութիւններու զէնքերով:

Ահա թէ ինչո՞ւ վեհ կը կոչենք իր գործը ու նոյնքան՝ հայ լեզուի ասպետ կ՚անուանենք զինք: Որովհետեւ, իր անձին վերապահելով առարկայական ցուցմունքներով մեզ բոլորս առաջնորդելու ծանր եւ սակայն հաճելի պարտականութիւնը, մեր լեզուն մաքուր եւ անաղարտ ու այժմէական պահելու անգիր իրաւունքը, ան դարձած էր մեր բոլորին հիացմունքն ու հպարտանքը:

Ու իբրեւ իմաստուն գրիչ, հայ լեզուի «ոսկերիչ», գրասէր եւ գրագէտ ու նոյնքան ալ ճառագայթուն ներկայութիւն եւ յանձնառու առաքելութեան տէր մարդ, իր խօսքը, իր մատնանշումներն ու թելադրանքները, իր սրբագրութիւններն ու ճշդումները եւ նոյնիսկ իր քննադատութիւնները՝ թէ՛ կշիռ ունէին եւ թէ մեր լեզուի գիտելիքներուն նորութիւն բերող, անոր նոր աւիշ եւ ուժականութիւն տուող ու ներշնչող ազդակներ:

Իր հաստատ կարծիքը, բարերար դերեր ունեցած էր մեր գրական լեզուի ոլորտէն ներս:

Վերջապէս, բոլոր անոնք՝ որոնք հայ գրիչին նուիրուած են, կամ գրական երեւակայութեամբ կը զբաղուէին, իր ամէնօրեայ ներկայութիւնը պիտի փնտռեն յուսահատօրէն:

Ահա մեր լեզուի մաքրութեան պահպանման մեծագոյն պահակներէն մին՝ բժիշկ Արմենակ Եղիայեանի անձնագիրը.

Թէեւ զինք մօտէն չէի տեսած, չէի հանդիպած կամ խօսած, բայց իր, ինծի առաքած երկտողները եւ շաբաթական հերթական առաքումները, զիս ալ իրեն կապած էին՝ հարազատօրէն եւ անկեղծ:

Ամէն առիթով, երբ մամուլէն ներս յօդուած մը կամ պատմուածք մը լոյս ընծայէի, անպայման յաջորդ օրն իսկ իր գնահատանքի, թելադրանքի, ցուցմունք-ուղութիւններու տողերով գրաւոր «կը խօսէր», կը թելադրէր եւ կը քաջալերէր: Տողեր, մեծ ու փոքր պարբերութիւններ, որոնք բոլորն ալ առ ի յիշատակ, մասունքի նման պահած եմ:

Տակաւին, այս տարուայ սկիզբին, երբ թոռներուս եւ ծննդավայրիս մասին մամուլէն ներս պատմուածք մը ստորագրած էի, ի՛նք, ըստ սովորութեան, անմիջապէս ինծի հետեւեալ երկտողը ղրկած էր.-

«Շատ համով է, Պետիկեան, Դուն երթաս նէ ասոնք ո՞վ պիտի պատմէ մեզի:

Երկար ապրիր. ընթերցողներդ իրենց կեանքերէն քիչ-քիչ բաժին կը հանենք քեզի»:

Շուարած եմ եւ սգաւոր, որովհետեւ ազգովին կորսնցուցինք գլխագիր մտաւորական մը:

Իսկ հիմա... իր «մեկնումէն» ետք... ըսէ՛ք... ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս պատասխանեմ: Չեմ գիտեր...:

Միայն յստակ գիտեմ, որ բժիշկ Արմենակ Եղիայեանի բարի յիշատակը մերն է, պէտք է զայն հսկենք:

Արդ, ափ մը խունկ եւ ծունկ մը աղօթք, իր վաստակին եւ անթառամ յիշատակին:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025